ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- 4 Մարտին, կառավարութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի հետ, որ յայտնեց, թէ որոշ բանակցութիւններ վարած ենք, Նիկոլ Փաշինեան ընդհանուր հրամանատարութեան խնդիրը չի կապեր արտահերթ ընտրութիւններու գործընթացին հետ, բայց իրենք կը կապեն։
Ըստ Մարուքեանի՝ երկրին մէջ եղած ճգնաժամին աւելցաւ նաեւ բանակի ընդհանուր հրամանատարին վերաբերող հարցը, եւ, ըստ այդմ, պէտք է արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպուին:
«Այս պահին չունենք որեւէ համաձայնութիւն, ենթադրում եմ, որ կը լինի նաեւ երկրորդ հանդիպում ԲՀԿ ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հետ, որովհետեւ միայն մեր դիրքորոշմամբ չեն կարող գործընթացները առաջ գնալ եւ խորհրդարանը չի կարող ցրուել: Հետեւաբար, երբ պարզ կը լինի ԲՀԿի դիրքորոշումը, կարծում եմ` նորից կը լինեն բանակցութիւններ: Այս պահին որեւէ համաձայնութիւն չունենք», նշեց Էտմոն Մարուքեան:
Մարուքեան նկատել տուաւ, որ բանակը քաղաքական գործընթացներուն մէջ ներգրաւելէ ետք կարելի չէ առանց ընդհանուր հրամանատարի հարցը լուծելու արտահերթ ընտրութիւններ կատարել, բայց որովհետեւ ինք կ՛ուզէ, որ այդ ընտրութիւնները շատ արագ կազմակերպուին, կ՛առաջարկէ, որ այս փուլին հանգիստ ձգեն ընդհանուր հրամանատարը։ «Ես յոյս ունեմ, որ բանակցութիւնների երկրորդ փուլում արդէն որեւէ ճանապարհ կը գտնենք: Չեմ ուզում, որ ինչ-որ արհաւիրք լինի, նոր մտածենք` ինչ անել», յայտնեց ան:
Աւելի ուշ հանդիպման մասին վարչապետին գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը տարածեց` նշելով, որ խորհրդարանական ընտրութիւններու թեմայով քննարկումները շարունակելու առիթը ինքնին Մարուքեանի յայտարարութիւններն էին: Փաշինեան յոյս յայտնեց, որ կարել կ՛ըլլայ գալ ընդհանուր յայտարարի թէ՛ «Լուսաւոր Հայաստան»ի եւ թէ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի խմբակցութիւններուն հետ, որովհետեւ եթէ խորհրդարանական ուժերը վերջապէս տան արտահերթ ընտրութիւններ կատարելու որոշում, կարելի է նկատել, որ հարցը լուծուած է։
Գրասենեակին հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ կը ծրագրուի հանդիպում ունենալ նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարին հետ, «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավարին եւ խմբակցութեան հետ, իսկ քննարկումներուն արդիւնքները պիտի փոխանցուին նաեւ հանրապետութեան նախագահին, որպէսզի ան եւս իր դիրքորոշումը արտայայտէ եւ ինչ-որ առումով դառնայ գործընթացի իրականացման երաշխաւոր: