ՊԵՐԼԻՆ.- Գերմանիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ անձեռնմխելիութենէ զրկեց Աքսել Ֆիշըրը՝ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ Պաքուի շահերը պաշտպանելու նպատակով Ատրպէյճանէն կաշառք ստանալուն համար:
Երեսփոխանը Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւն իշխող համախմբումի անդամ էր: Անձեռնմխելիութեան ջնջումը պիտի արտօնէ հետաքննող մարմիններուն խուզարկութիւններ կատարել:
Կը կարծուի, որ երեսփոխանը 2008-2016 թուականներուն պալթեան երկիրներու դրամատուներուն մէջ բացած՝ կեղծ ընկերութիւններու հաշիւներուն միջոցով Ատրպէյճանէն գումարներ ստացած էր:
Ըստ դատախազութեան յայտարարութեան՝ ստացուած գումարի դիմաց երեսփոխաններ ԵԽԽՎին ներկայացուցած են բանաձեւեր եւ քուէարկած յօգուտ Պաքուի, ինչպէս նաեւ նշանակած Ատրպէյճանին հաճելի մարդիկ: