ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւոր Քոսթաս Մաւրիտեսի (Կիպրոս, Ընկերվարականներու եւ Դեմոկրատներու խմակցութիւն) նախաձեռնութեամբ, բոլոր հիմնական խմբակցութիւններէն 30 եւրոխորհրդարանականներ հրատապ հարցում յղեցին Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան հարցերու բարձր յանձնակատար Ժոզեփ Պորելին:
Պորելին կը հարցուի, թէ ինչ յստակ քայլեր ձեռնարկուած են Պաքուի կողմէ գերի պահուող հայ զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն վերադարձը ապահովելու եւ անոնց չարաշահումը եւ քաղաքական նպատակների համար շահագործումը կանխելու համար:
Խօսելով գրաւոր դիմումին մասին՝ Մաւրիտես յայտնեց. «Մենք չենք կրնար մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու առջեւ լուռ մնալ: Այդ պատճառով տարբեր խմբակցութիւններէ եւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէ իմ գործընկերներուն հետ կոչ կ՛ընենք Եւրոպական Միութեան, որ անյապաղ գործի անցնի եւ յստակ քայլերու ձեռնարկէ՝ ձեռք բերուած համաձայնութեան 8րդ կէտի իրագործման հասնելու համար, մասնաւորապէս՝ վերադարձնել Ատրպէյճանի կողմէ պահուող հայ ռազմագերիները, ներառեալ՝ քաղաքացիները եւ կիները: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը բացայայտօրէն կը խախտէ միջազգային իրաւունքը»։
Մեկնաբանելով այս նախաձեռնութիւնը՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան նշեց. «Ակնյայտ է, որ խախտելով ձեռք բերուած համաձայնութիւնը, Պաքու կը շահագործէ այս մարդասիրական հարցը՝ քաղաքական օգուտ կորզելու եւ յաւելեալ տառապանք պատճառելու համար: Կ՛ողջունենք պատգամաւորներու այս նախաձեռնութիւնը: Ժամանակն է, որ Եւրոպական Միութեան գործադիր իշխանութիւնը եւ անդամ պետութիւններու ղեկավարները գործի անցնին: Մարդկային իրաւունքները եւ մարդկային արժանապատուութիւնը սոսկ բառեր չեն եւ չեն կրնար սակարկութեան առարկայ ըլլալ: Որպէս Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներ՝ մենք անկէ կ՛ակնկալենք օգտագործել դիւանագիտական եւ քաղաքական բոլոր լծակները եւ դադարեցնել Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ մարդկային արժանապատուութեան այս անթոյլատրելի ոտնահարումը: Պէտք է Ատրպէյճանին յստակօրէն հասկցնել, որ պարտաւոր է յարգել իր յանձնառութիւնը եւ անյապաղ վերադարձնել բոլոր հայ գերիները», եզրափակեց Կարապետեան: