ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 9 Մարտին գլխաւորեց Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստին:
Քննարկուեցան Հանրապետութեան դիմաց ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու յաղթահարման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակը: Զեկուցումներով հանդէս եկան պետական կարգ մը գերատեսչութիւններու ղեկավարները:
Նոյն օրը, Յարութիւնեան ընդունեց Հադրութի շրջանի խումբ մը տեղահանուած բնակիչներ, որոնց հետ քննարկուեցան գիւղերու տեղահանուած բնակիչները Արցախի այլ շրջաններու մէջ բնակեցնելու հարցերը: Ան նշեց, որ Արցախի իշխանութիւններուն մօտեցումը համայնքներուն` համապարփակ բնակավայրերով պահպանումն է, իսկ առանձին պարագաներու կարելի է տալ այլ որոշումներ: Որոշ համայնքներ արդէն իսկ կողմնորոշուած են, եւ նախագծային աշխատանքներու աւարտէն ետք շինարարական աշխատանքներ ընթացք պիտի առնեն Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ, Խնածախ եւ Իւանեան գիւղերուն մէջ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ընկերային բնոյթի հարցեր: Շրջանի ճակատագիրին վերաբերեալ Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ Արցախի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման քաղաքական ճանապարհը իշխանութիւններու օրակարգի կարեւոր հարցերէն է: