
ՊԷՅՐՈՒԹ․- Մօտաւորապէս չորս ամիսէ ի վեր Ատրպէյճանի մէջ գերի պահուած Մարալ Նաճարեան Չորեքշաբթի օր ազատ արձակուեցաւ եւ Թուրքիոյ ճամբով Լիբանան հասաւ, կը հաղորդէ լրագրող Ճեսմին Սէյմուր, տեղեկութիւնը ստանալով Մարալի քրոջմէ՝ Սօսիէն։ Ան արդէն իսկ կը գտնուի Լիբանանի մէջ իր ընտանիքին բնակարանը։
Յիշեցնենք, որ Մարալը ատրպէյճանական բանակին կողմէ գերի առնուած էր 10 Նոյեմբերին, Բերձորի մէջ, ուր գացած էր իր անձնական իրերը առնելու։
«Ազդակ»ը կը հաղորդէ, թէ Մարալը ազատ արձակուեցաւ Միջազգային Կարմիր Խաչին եւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին հետապնդումներուն ու հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ։
Նշենք, որ Մարալ Նաճարեան Լիբանանի եւ Հայաստանի երկքաղաքացի է։