ԼԱ ՔԱՆԻԱՏԱ, Քալիֆորնիա.- «Զօրակցինք մեր հերոսներուն» բարեսիրական կազմակերպութիւնը անցեալ շաբաթ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտ հասցուց շտապ օգնութեան արդիական հինգ նոր կառքեր, զանոնք նուիրելով Արցախի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն։
Իր գործունէութիւնը համակարգելով բանակի սպայակոտին հետ՝ կազմակերպութիւնը տարբեր առիթներով գործակացած է Արցախի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն հետ եւ 2018ին շտապ օգնութեան կառք մը եւս նուիրած էր անոնց։
Կազմակերպութեան մաս կը կազմեն Հայաստանէն ե Սփիւռքէն կամաւորներ, որոնց նպատակն է նեցուկ կանգնիլ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ վեթերան զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն։