ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու մարտավարական ռազմափորձերը, որոնք պիտի կատարուին 15-18 Մարտին, կանոնաւոր բնոյթ կը կրեն եւ շրջանի կայունութեան համար վտանգներ չեն ստեղծեր, պնդեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Սովորաբար ռազմափորձեր կը կատարեն Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրները: Անոնք կը կատարուին կանոնաւոր սկզբունքով, համապատասխան տեղեկութիւնը ժամանակին կը տրամադրուի հետաքրքրուած կողմերուն: Մեր ունեցած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ վերոնշեալ ռազմափորձերը, ինչպէս արդէն նշեցի, կանոնաւոր բնոյթ կը կրեն եւ ուղղուած են զօրքերու մարտունակութեան բարձրացման», աւելցուց ան:
Զախարովա անդրադարձաւ նաեւ Արցախի մէջ Համաշխարհային Բ. պատերազմի հերոսներուն նուիրուած յուշակոթողներուն նկատմամբ վանտալիզմի դրսեւորումներուն:
«Անթոյլատրելի եւ անբարոյական կը նկատենք Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն նացիներուն դէմ հերոսական պայքար մղած անձերու յիշատակին նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն», ըսաւ Զախարովա՝ յոյս յայտնելով, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները պիտի ձեռնարկեն անհրաժեշտ քայլերուն` կացութիւնը սրբագրելու համար: