ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 17 Մարտին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի հետ:
Նախագահը եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը քննարկեցին գերիներու վերադարձին եւ անհետ կորսուածներու յայտնաբերման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու ընթացքը:
Հանդիպման ընթացքին Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը նախագահին ներկայացուց Սիւնիքի մէջ բնակիչներու իրաւունքներու երաշխաւորման նպատակով ապառազմականացուած անվտանգութեան գօտի ստեղծելու իր հայեցակարգը: Արման Թաթոյեան շեշտեց, որ սահմաններուն վերաբերող գործընթացը կ՛իրականացուի Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմի բացայայտ սպառնալիքի, ատրպէյճանական բարձրագոյն իշխանութիւններու հայատեացութեան պետական քաղաքականութեան պայմաններուն մէջ: Անկէ բացի, ատրպէյճանական զինուած ուժերու ծառայողները կրակոցներ կ՛արձակեն Հայաստանի Սիւնիքի մարզի գիւղերու անմիջական հարեւանութեամբ, ինչ որ լուրջ վտանգ կը հանդիսանայ բնակիչներու կեանքի իրաւունքին եւ անոնց ֆիզիքական անվտանգութեան: Բնակիչներու իրաւունքներու տեսանկիւնէն, սադրանքներ եւ անհանգստութիւն պատճառած է ատրպէյճանցի զինուորականներուն, ցուցանակներուն ու դրօշներու առկայութիւնը Սիւնիքի համայնքներուն միջեւ ճանապարհներուն վրայ: Կան նաեւ սեփականութեան իրաւունքի կոպիտ խախտումներ, շեշտեց Թաթոյեան։
Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ պաշտօնապէս սահմանագծում ու սահմանազատում կատարուած չեն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ պետական սահմաններու որոշման գործընթացը իրաւական տեսանկիւնէն այս պահուն առնուազն անորոշ է: Ասոր վրայ կ՛աւելնայ նաեւ Սիւնիքի մէջ Հայաստանի քաղաքացիներու իրաւունքներու խախտումները կամ անոնց ունեցած էական վտանգը: