ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան «Լրագիր»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ պատերազմէն եւ հրադադարի հաստատումէն ետք Արցախի իրավիճակին մասին, նաեւ պատասխանեց այն հարցումին, թէ 1994ի սահմաններուն վերադառնալու հարցեր կը քննարկո՞ւին արդեօք, իսկ ինչ են նման բանի մը կարելիութիւնները։
Դաւիթ Իշխանեան դիտել տուաւ, որ հրադադարէն ետք առիթ ունեցած են անդրադառնալու Արցախի Հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ընդհանուր իրավիճակին` քաղաքական, ընկերային եւ ապահովական հարցերուն, նաեւ տնտեսական հիմնահարցերուն, գալով այն եզրակացութեան, որ վիճակը եւ իրականութիւնը այդքան ալ գունաւոր չեն, ուստի յետ-պատերազմեան այս ծանր վիճակը յաղթահարելու պրպտումներու սկսած են:
«Այստեղ շատ կարեւոր է, որ Արցախի Հանրապետութեան պետական կառոյցները կարողանան ճիշդ ուղղութիւն որդեգրել` իւրաքանչիւրն իր մասով: Անշուշտ, ժողովրդի ակնկալիքն անվտանգային երաշխիքներն են եւ անվտանգութեան հարցերի հետ կապուած պատասխաններ ստանալը, բայց պակաս կարեւոր չեն այն ընկերային հարցերը, որոնք ծառացել են տեղահանուած բնակչութեան առաջ:
«Այսօր դժուար է ասել, թէ մենք կարողացել ենք մեզ համար ճիշդ ուղղութիւն որդեգրել եւ ճիշդ ուղու վրայ կանգնել: Բայց նաեւ պէտք է ասել, որ նշանները եւ ծիլերն այդ առումով ինչ-որ տեղ յուսադրող են: Թիւ մէկ խնդիրն, ինչպէս ասացի, անվտանգային հարցերն են, եւ ռուս խաղաղապահների այստեղ ներկայութիւնը դեռեւս հնարաւորութիւն է տալիս վերակազմակերպելու եւ վերակառուցելու մեր կորցրածը եւ նաեւ նպատակային առումով մեր առաջ նոր պայմաններում նոր խնդիրներ դնելու», յայտնեց Իշխանեան:
Լրագրողը հարցուց, թէ ներկայիս ի՛նչ են նոր հարցերը՝ Արցախի տարածքներու բռնագրաւումի վերացո՞ւմ, իսկ Արցախի կարգավիճակի հարցերը արդեօք աւելի առաջնահերթ պէտք չէ՞ նկատել։
Իշխանեան դիտել տուաւ, որ հարցազրոյցը կը կատարուի այնպիսի ժամանակ, երբ տարաշրջանը կ՛այցելէ ԵԱՀԿի գործող նախագահը, իսկ նախորդ ամիսներուն երկու տարբեր տեսակէտներ հնչած են Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ: Ատրպէյճան կը յայտարարէ, որ Ղարաբաղի հարցը լուծուած է, եւ նման հարց այլեւս գոյութիւն չունի: Հայկական կողմը կը շեշտէ, որ մենք ունինք տակաւին չհանգուցալուծուած հիմնահարց, եւ այդ ուղղութեամբ մեր ջանքերը ի գործ պիտի դնենք:
«Վստահ եմ, որ այդ տեսակէտների բախման արդիւնքում նաեւ որոշ խնդիրներ կ՛առաջանան: Մենք` որպէս Արցախի Հանրապետութիւն, որպէս առանձին սուբյեկտ (գոյութիւն-Խմբ.), նաեւ փորձում ենք մեր խնդիրները ձեւակերպել եւ առաջացած նոր խնդիրների մէջ լուծման տարբերակներ գտնել: Բնականաբար, այդ թւում` նաեւ բռնագրաւման վերացման խնդիրներն են:
«Հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ պէտք է ասել, որ վերջերս Արցախի խորհրդարանում ընդունուած յայտարարութիւնը շատ կարեւոր էր Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ մեր հետագայ քայլերի համար: Մենք գիտակցում ենք, որ, այո՛, պատերազմում պարտուել ենք, որ հարուածն ու կարուստները մեզ համար շատ-շատ ծանր են, բայց մենք պէտք է կարողանանք վերակազմակերպել մեր ընդհանուր աշխատանքները:
«Այդ առումով, տարածքային ամբողջականութեան վերականգնմանը միտուած հարցերը, մեր համարկումը Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ վերջնական միացման գաղափարի իրականացումը հէնց այն ռազմավարական նպատակներն են, որի շուրջ մենք 30 տարուց աւելի պայքար ենք մղել: Եւ հասել էինք որոշ հանգրուանի», յայտնեց Դաւիթ Իշխանեան։
Ան դիտել տուաւ, որ մեզի համար հարցին թուացեալ հանգուցալուծումը այսօր մեզի կը մատուցէ այլ իրականութիւն, իսկ այս իրականութեան հետ մենք պէտք է որոշ չափով համակերպինք, բայց ասիկա չընդունինք իբրեւ վերջնական հանգուցալուծում եւ վերակառուցենք մեր աշխատանքները: Այդ նպատակին հասնելու համար նաեւ պէտք է գտնենք համապատասխան միջոցները, որոնք թելադրուած չեն միայն այսօրուան մեր պայմաններով:
«Կարեւորն այդ նպատակը սահմանելն է, իսկ այդ նպատակը մենք սահմանել ենք տասնամեակներ առաջ, 100 տարի առաջ, երբ Ղարաբաղը բռնակցւում էր Ադրբեջանին` ինքնավար մարզի կարգավիճակով: Եւ պայքարի շարունակութիւնը նաեւ անհրաժեշտութեան դէպքում պէտք է պատգամենք մեր սերունդներին, եթէ չկարողանանք ամբողջական հանգուցալուծել մեր սահմանած նպատակների շրջանակներում:
«Միացումը մեր ռազմավարական նպատակն էր ու այսօր էլ նպատակն է», շեշտեց Դաւիթ Իշխանեան։