ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թրքագէտ Վարուժան Գեղամեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ թշնամին Շուշին բռնագրաւելէ ետք անցած է հայկական ամէն ինչի ոչնչացման։ Ան յատկապէս կ՛անդրադառնայ Կանաչ եկեղեցւոյ քանդումին։
«Արբանեակային լուսանկարներից երեւում է, որ Շուշիի Կանաչ ժամ ժողովրդական անունը կրող եկեղեցին արդէն աւերուած է: «Խաղաղասիրական» բարեւ Ադրբեջանից մեզ: Եթէ ներկայիս տգէտների իշխանութիւնը մնայ, այսպիսի ապագայ է սպասւում Սիւնիքին ու Տաւուշին», կը գրէ թրքագէտը` հրապարակելով նաեւ լուսանկարներ,
որոնց համադրումը կատարած է Յովհաննէս Նազարէթեան։