Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵԶՄԷ ԱՌ ՅԱՒԷՏ ԲԱԺՆՈՒԱԾ ԲԺԻՇԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՆԻԿՈԼԵԱՆԻՆ
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Բժիշկի մը պարտականութիւնն է դարմանել իրեն դիմող հիւանդները, մոռնալով անոնց ազգութիւնը, կրօնքը, գոյնը եւ տարիքը: Այս սկզբունքին համաձայն Պէյրութի Գլիմանսօ թաղի դարմանատանս մէջ ընդունեցի հիւանդ թրքուհի մը՝ Կիւլայտընը, որ շատ մաքուր անգլերէն կը խօսէր: Ան ժամադրութեամբ եկած էր եւ յանձնարարութեամբ Պէյրութի Պապ Իտրիս փողոցի վրայ գտնուող հայ դեղագործին: Կիւլայտըն վայելուչ, գեղադէմ, խարտեաշ, հասակաւոր, կապոյտ աչքերով երիտասարդուհի մըն էր: Ընդունեցի զինք գրասենեակս եւ խնդրեցի, որ նստի: Բժշկական թղթածրարը ամբողջացնելէ ետք գիտցայ Կիւլայտընին տարիքը, ազգութիւնը եւ ընդհանուր առողջական վիճակը: Ան ուրեմն թուրք մըն էր: Կիւլայտըն ընդմիջելով ըսաւ. «Տոքթ. Հարպոյեան, ես մեծ վստահութեամբ եկած եմ ձեր քով. լսեցի ձեր ազնւութեան, խղճամտութեան, բարեսրտութեան եւ բժշկական հմտութեան ու կարողութեան մասին: Վստահ եմ, որ ձեր ախտաճանաչումը ընելէ ետք զիս պիտի բուժէք եւ պիտի չքանան առողջական դժուարութիւններս ու պիտի վերագտնեմ առողջութիւնս: Ձեզի պէս հայ դեղագործ բարեկամ մը ունիմ իմ գործիս պատճառով: Ան յանձնարարեց որ ձեզ տեսնեմ: Կ՛աշխատիմ թրքական նաւային փոխադրական ընկերութեան մը մէջ որպէս քարտուղարուհի:
– Շնորհակալ եմ քու վստահութեան եւ ազնիւ խօսքերուն համար: Բայց ի՞նչ է գանգատդ, օրիո՛րդ Կիւլայտըն:
– Քիթէս հանգիստ չեմ շնչեր, ստիպուած բերնէս կը շնչեմ, քնանալու ընթացքին բերանս բաց կը քնանամ եւ կը խռկամ:
– Քիթէդ հարուած ստացա՞ծ ես եւ քանի՞ տարի է ունիս այս բոլոր դժուարութիւնները:
– Մանկութեանս ինկած եմ քիթիս վրայ եւ տասը տարի է ունիմ այս դժուարութիւնները:
Զինք քննելէ ետք կատարեցի ախտաճանաչումս ու խօսքս իրեն ուղղելով ըսի.
– Ազնիւ օրիորդ Կիւլայտըն, դուն քիթի մտահոգիչ հիւանդութիւն մը չունիս, սակայն քիթդ մասնակի խցուած է միջնապատի (septum) ծուռութեամբ եւ երկու ցցօններով (polyp). անոնց պատճառով է քիթէդ շնչելու դժուարութիւնդ: Հարց չէ, վիրաբուժական գործողութեամբ շնչառութիւնդ բնական կը դառնայ: Վիրահատումը եւ պիտի կատարեմ, դուն զգայազերծուած պիտի ըլլաս: Զգայազերծող բժիշկը շատ ազնիւ եւ փորձառու բժիշկ մըն է, ան ալ հայ է ինծի պէս եւ անունը Յարութիւն Նիկոլեան է: Երեք օր հիւանդանոց մնալէ ետք տուն պիտի երթաս եւ շաբաթ մը ետք քեզ տեսնելու պատիւը պիտի ունենամ դարմանատանս մէջ:
– Սիրով, տոքթո՛ր, պատրաստ եմ ձեր խնամքին յանձնուելու:
Երկու օր ետք արդէն Կիւլայտըն հիւանդանոց ընդունուած էր: Վիրահատումի նախապատրաստական քննութիւնները կատարուած էին նոյն օրը, որոնց արդիւնքները բնական սահմաններու մէջ էին եւ արգելք մը չկար բժշկական գործողութեան: Յաջորդ օր Կիւլայտըն գործողութեան սենեակն էր՝ պատրաստ վիրահատումի: Հոն էր տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանը եւ օգնական հայ բուժքոյրը՝ Վարդուհին: Կիւլայտընին ներկայացուցի անոնց եւ իմացուցի, որ Վարդուհի թրքերէնով կիւլ կը նշանակէ:
– Ուրեմն շրջապատուած եմ երեք ազնիւ հայերով, որոնք իրենց կարելին պիտի ընեն, որ ես հանգիստ շնչեմ: Շնորհակալ եմ կանխաւ ձեր երեքէն եւ ի՜նչ զուգադիպութիւն որ անունս եւ բուժքրոջ անունը նոյն իմաստը ունին, ասիկա մեծ բախտաւորութիւն է:
Տոքթ. Նիկոլեան զգազերծել: Կիւլայտընին բերանը բանալով ներխռչափողային կերպընկալ խողովակ մը ներմուծեց անոր խռչափողը եւ թթուածին հայթայթող խողովակը միացուց: Մինչ այդ ես եւ բուժքոյրը կը սպասէինք տոքթ. Նիկոլեանին արտօնութեան սկսելու համար գործողութիւնը:
– Տոքթ. Կարպի՛ս, կրնաս սկսիլ, հիւանդը կատարեալ զգայազերծուած է:
Ուստի սկսայ գործողութիւնը, լաւ տրամադրութեամբ: Կիւլայտընին քիթին միջնապատին ծուռութիւնը շտկելէ ետք վիրահատեցի քիթին մէջ գտնուած երեք ցցօնները եւ քիթին երկու խորշերուն մէջ թխմեցի մանր վիրակապեր, որպէսզի քիթի արիւնահոսութիւն տեղի չունենար: Գործողութիւնը հեզասահ կերպով ընթացաւ: Վիրահատումի ընթացքին տոքթ. Նիկոլեան խօսքը ինծի ուղղելով ըսաւ.
– Ի՜նչ է տոքթ. Հարպոյեան, հիւանդը թրքուհի է եղեր, ուրկէ՞ ուր ան ձեռքդ ինկաւ, փայլուն կտոր մըն է…:
– Աւելորդ պակաս մի՛ խօսիր տոքթ. Նիկոլեան: Ուշադրութիւնդ կեդրոնացուր հիւանդին վրայ: Ան դիմած էր ինծի հայ դեղագործի մը յանձնարարութեամբ:
Տոքթ. Նիկոլեան քիթին տակէն բաներ մը մրմռաց, բայց ես չհասկցայ:
– Տոքթ. Նիկոլեան, գործողութիւնը վերջացաւ, իմ պարտականութիւնս լիովին կատարեցի, հիմա կրնաս արթնցնել հիւանդը:
Պատասխանը ուշացաւ եւ յանկարծ պոռթկալով ըսաւ.
– Պիտի չարթնցնե՛մ, զգայազերծումէ դուրս պիտի չբերե՛մ, թող սատկի, երթայ, ի վերջոյ թուրք մըն է եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կատարողներէն մէկուն թոռնիկը կամ ծոռն է: Սիրելի Կարպիս, վստահ եմ որ իմ եւ քու մեծ հայրերը Ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուած են այսպիսի անուշիկ աղջիկներու մեծ հայրերուն ձեռքով: Անոնք մէկ ու կէս միլիոն հայ սպանեցին: Երկու հարիւր հազարէ աւելի հայ մանուկներ որբացան եւ ստեղծուեցաւ հայ որբաշխարհը: Թուրքերը գրաւեցին գաղթական հայերուն տուները, հողերը, քանդեցին մշակոյթի կեդրոնները, քար ու գանդ ըրին հազարաւոր եկեղեցիներ: Ուստի ձգէ, որ չարթնցնեմ Կիւլայտընը, այսպիսով ես ալ իրենցմէ մէկը կարգադրած կ՛ըլլամ:
Անակնկալի եկած՝ ապշահար մտիկ կ՛ընէի տոքթ. Նիկոլեանին: Կիւլայտըն մշիկ-մշիկ կը քնանար, իսկ բուժքոյրը ոտքի կայնելու կարողութիւնը կորսնցուցած էր եւ նստած էր աթոռի մը վրայ: Վիրահատութեան ձեռնոցներս հանեցի եւ խելագարուած տոքթ. Յարութիւնին խօսքերէն կը քալէի սենեակին մէջ, կը խորհրդածէի, որ արդեօ՞ք տոքթ. Նիկոլեանը լուրջ էր, եթէ գործադրէր իր մտածածը ի՞նչ պիտի ըլլար անոր հետեւանքները, ո՞վ պիտի ըլլար պատասխանատուն այս արարքին, ի՞նք թէ ես: Քար լռութիւն կը տիրէր սենեակին մէջ: Տոքթ. Նիկոլեան անշարժ աչքերը վրաս սեւեռած կը նայէր ինծի ու կը սպասէր իմ հակադարձութեանս: Հանդարտ եւ մեղմ ձայնով ըսի.
– Սիրելի Յարութիւն, կը խնդրեմ արթնցուր հիւանդը, չեմ արտօներ, որ այդպիսի ոճիր մը գործես:
– Ան թուրք մըն է ի վերջոյ:
– Սակայն մի մոռնար, որ այսօր ան հիւանդ մըն է, անմեղօրէն եւ վստահութեամբ եկած է բժշկուելու հայ բժիշկի մը քով: Խելացի եղիր եւ խենթութիւն մի՛ ըներ: Մի՛ մոռնար, որ ան իմ հիւանդս է եւ ես պատասխանատու եմ: Կը հասկնամ ընդվզումդ եւ պոռթկումդ: Մի՛ մոռնար, որ դուն կատարած ես սրբազան երդում մը՝ Հիփոկրատի ուխտը եւ շատ լաւ կը հասկնաս այդ ուխտին իմաստը: Այդ ուխտին համաձայն դուն եւ ես պէտք է դարմանենք մեզի դիմող բոլոր հիւանդները առանց կրօնքի, ազգութեան, գոյնի եւ տարիքի խտրութեան:
– Այո՛ սիրելի Կարպիս, կը հասկնամ ըսածներդ, սակայն արիւնս կ՛եռայ, ականջներուս մէջ կը խօսին հիմա Ցեղասպանութեան մասին հօրս պատմութիւնները, աչքիս առջեւ են Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ գաղթական զանգուածներու խղճալի վիճակը, թափառական երեխաներու, ծերուկ մայրերու եւ հայրերու տառապանքը, հայ աղջիկներու առեւանգումները եւ թուրք հարեմներուն մէջ անոնց բռնաբարումը:
– Սիրելի Յարութիւն, ես ալ կը վերյիշեմ գաղթականութեան ընթացքին վերապրող հօրս ապրած դժոխային եւ ողբերգական կեանքն ու արհաւիրքը: Հայրս ականատես եղած է հօրը, երկու եղբայրներուն եւ երեք հօրեղբայրներուն չարչարանքով սպանութեան՝ դահիճ թուրքերուն ձեռքով, ինչպէս նաեւ հօրաքրոջը տղուն խեղդամահ ըլլալուն՝ Եփրատ գետին մէջ թուրք զինեալներուն կողմէ: Այս բոլորը պիտի չմոռնանք, միշտ պիտի յիշենք եւ պիտի յիշեցնենք ամբողջ աշխարհին ու պիտի մնանք պահանջատէր:
– Ուրեմն շատ լաւ առիթ մըն է այսօր վրէժ լուծելու, ուստի չեմ ուզեր արթնցնել:
– Կը հասկնամ հոգեկան ապրումներդ, սիրելի Յարութիւն, սակայն այս ձեւով ճիշդ չէ վրէժ լուծել. խելացի եղիր, արթնցո՛ւր սա թրքուհին եւ ետքը կը խօսինք վրէժ լուծելու ձեւերու մասին: Վստահ եմ արդէն անդրադարձար, որ սխալ մտածումներու մէջ ես: Սիրելի՛ Յարութիւն, խելքի եկուր եւ վրէժդ լուծէ՝ Կիւլայտընը արթնցնելով, անոր կեանք տալով. մանաւանդ մի՛ մոռնար, որ վրէժդ լուծած կ՛ըլլաս մասնակից դառնալով Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ նիւթական բաժինդ բերելով անոր ծրագիրներուն:
Տոքթ. Նիկոլեանը հանդարտած էր, բայց աչքերը կարմրած էին: Երկու քայլով մօտեցաւ ինծի եւ մեղմ ձայնով ըսաւ.
– Կը ներես, Կարպի՛ս, պոռթկումիս եւ սխալ մտածումներուս համար: Ահա հիմա կ՛արթնցնեմ Կիւլայտընը: Բժշկական բարոյական պարտականութիւնս լիովին կը կատարեմ, չմոռնալով Հիփոկրատի ուխտը: Վաղը Ապրիլ 24 է. եկեղեցին կը տեսնուինք եւ քայլարշաւին միասին կը քալենք:
Կիւլայտըն արթուն էր եւ արդէն կը գտնուէր վերակենդանացման սրահը: Ան գտած էր իր գիտակցութիւնը: «Ի՞նչպէս ես օրդ. Կիւլայտըն» հարցումիս պատասխանեց՝ «Շատ լաւ եմ տոքթ. Հարպոյեան, շնորհակալ եմ»:
Տոքթ. Նիկոլեանը վերակենդանացման սրահ եկաւ եւ արժեւորեց Կիւլայտընին արթնութիւնը եւ մի քանի հարցում ուղղելէ ետք անոր, մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ.
– Սիրելի՛ տոքթ. Հարպոյեան, շատ կը ներես, այսօր քեզ նեղ կացութեան մատնեցի: Մեծապէս կը գնահատեմ համբերութիւնդ եւ խոհեմ կեցուածքդ: Վաղը կը տեսնուինք:
Հակառակ որ յաջորդ օրը Ապրիլ 24 էր, հիւանդանոց հանդիպեցայ առաւօտուն եւ Կիւլայտընին քթախորշերուն պզտիկ վիրակապերը հանեցի: Քիթին միջնապատին ծռութիւնը անհետացած էր եւ երկու խորշերը բնական վիճակ ունէին:
– Վաղը կրնաս տուն երթալ, օրիո՛րդ Կիւլայտըն: Կ՛ուզեմ քեզ տեսնել շաբաթ մը ետք դարմանատանս մէջ:
– Շատ լաւ տոքթոր, կը տեսնուինք:
Կիւլայտըն յաջորդ օր ձգած էր հիւանդանոցը եւ վերադարձած էր իր տունը:
Ապրիլ 24ին ես եւ Տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեանը ներկայ եղանք եկեղեցւոյ ոգեկոչման արարողութեան: Մասնակցեցանք քայլարշաւին եւ քալելու ընթացքին հանդարտօրէն երկար խօսեցանք թուրքերուն կատարած հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան մասին: Քայլարշաւի աւարտին ան դրամապանակէն դուրս հանեց մի քանի հարիւր տոլարնոց փոխգիր (check) մը, գրուած ՀԱՅ ԴԱՏին եւ խնդրեց ինձմէ որ այդ փոխգիրը հասցնէի Հայ Դատի գրասենեակը:
– Տոքթ. Յարութիւն Նիկոլեան, շատ լաւ կ՛ըլլայ, որ դուն անձամբ յանձնես այդ փոխգիրը Հայ Դատի գրասենեակ: Ի՜նչ ազնիւ եւ խելացի որոշում մը առած ես: Հայ Դատը այս նիւթական օժանդակութեամբ շատ մեծ աշխատանքներ կրնայ իրականացնել: Ահա այս ձեւով վրէժդ լուծած կ՛ըլլաս թուրքերէն: Եկուր ճակտէդ համբուրեմ:
Տոքթ. Նիկոլեանին ճակտէն համբուրեցի, աչքերը արցունքով լեցուն էին:
– Պիտի խնդրեմ, որ մոռնաս Կիւլայտընին գործողութեան վերջաւորութեան իմ անտեղի եւ սխալ արտայայտութիւններս: Շնորհակալ եմ համբերութեանդ, խելացի մօտեցումներուդ եւ գործնական առաջարկներուդ համար: Այդ փոխգիրը խղճիս պարտքն է:
Մենք բաժնուեցանք իրարմէ այդ օր իրարհասկացողութեամբ եւ ներող ոգիով: Մենք շարունակեցինք տեսնուիլ երկար տարիներ հիւանդանոցի գործողութեան սենեակին մէջ: Մնացինք բարեկամ գործակիցներ: Ան շատ կարող զգայազերծող բժիշկ մնաց:
Կիւլայտըն գործողութենէն 15 օր ետք հանդիպեցաւ գրասենեակս: Եկած էր կարմիր վարդերու մեծ ծաղկեփունջով մը: Ողջագուրուեցանք եւ փորձեց ձեռքս համբուրել, անշուշտ չթոյլատրեցի: Ան վերագտած էր իր առողջութիւնը: Շատ գոհ էր: Կը շնչէր միայն քիթէն: Չէր փռնգտար եւ գիշերները հանգիստ կը քնանար: Կիլայտըն գոհունակութեամբ մեկնեցաւ այդ օր: Ես ալ ուրախ էի որ Կիւլայտըն ողջ առողջ էր:
Մոնթրէալ, 5 Մարտ 2021