ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Պարտութեան յաղթահարման, այլեւ պահանջատիրական պայքարի վերադարձին ազդանշանը տրուեցաւ Պուէնոս Այրէսի մէջ, ուր, առաւել, ազգային-համայնքային վերանորոգման այլ էական գործընթացի մը սկիզբ տրուած է:
Ինչպէս ամէնուրեք Սփիւռքի համայնքներուն մէջ, Արցախեան քառասունչորսօրեայ պատերազմին պարտութիւնը, 9 Նոյեմբերի նուաստաստացուցիչ եռակողմանի յայտարարութիւնը եւ հայկական հողատարածքներու ամօթալի յանձնումը իշխանութեան վրայ մնալու յամառող ապիկար իշխանութեան կողմէ շոքային ազդեցութիւն ունեցաւ Հարաւային Ամերիկայի հայութեան վրայ՝ Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Պրազիլի եւ Չիլիի մէջ: Քառասունչորսօրեայ համայքային զօրաշարժը հաւատալով որ «ՅաղթելուԵնք» պատգամը առնուազն կը վստահեցնէր արժանապատիւ դիմադրութիւն մը եւ թշնամիի նպատակներու ձախողումը, յանկարծ տեղի տուաւ խորը հիասթափութեան, հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ խաբուած ըլլալու լուռ ընվզումին եւ ապագայի անորոշութեան:
Հարաւային կիսագունգունդին ամառը անցաւ առանց եւ ոչ մէկ նախաձեռնութեան, բայց համայնքային կազմակերպութիւններու միջեւ մշտական կապով, խոհրդակցական հանդիպումներով եւ այն հաստատ համոզումով որ պարտութեան հետեւանքներուն հետ հաշտուիլը բացառուած է եւ պահանջատիրութիւնը՝ ի խնդիր Արցախի ճանաչման եւ ընդդէմ Ցեղասպանի փանթուրականութեան հաստատագրման:
Առաջին նշանը տուին Հայ Օգնութեան Միութեան «Յասմիկ» մասնաճիւղը եւ Արժանթին հաստատուած հայաստանցի հայրենակիցներու ԱՐԱՄԱ համախմբումը: Աշնան առաջին օրը, 21 Մարտին, երկու կազմակերպութիւնները Արմէնիա փողոցի հայկական հաստատութիւնները համախմբող հատուածին մէջ կազմակերպեցին տօնավաճառ, զոր, սպասելիօրէն, անուանեցին «Վերնիսաժ»: Իր տեսակին մէջ աննախընթաց այս ձեռնարկը ոչ միայն մեծ արձագանգ գտաւ համայնքին մէջ, այլ նաեւ անոր անդրադարձաւ արժանթինեան մամուլը՝ իբրեւ «հայերու նախաձեռնած զօրակցական տօնավաճառ»: Ցուցադրուած ապրանքներու վաճառքէն թէ անհատ նուիրատւութիւններէ գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի եւ ուղղակի փոխանցուի Արցախի պատերազմէն տուժած ընտանիքներուն: Ուղղակի ժողովուրդին, կը շեշտէ կազմակերպողներէն մէկը, առանց միջնորդներու եւ՝ ամէն ինչ արձանագրուած եւ թափանցիկ, գիտակից որ տեղի պիտի չտրուի վստահութիւնը խախտող եւ ոչ մէկ երեւոյթի,
Համայնքէն ժողովուրդին, Սփիւռքէն ժողովուրդին, առանց քաղաքական միջամտութեան, առանց քաղաքականացման փորձի:
Պատերազմէն տուժած ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւնը յստակ ծրագիր է: Բայց պատգամը մէկ է, ինչպէս պաստառին վրայ կը կարդացուի՝ «Կը ճանչնամ Արցախի անկախութիւնը»: Մատնահետքերը ստորագրութիւնն են անոնց, որոնք մօտեցան սեղանին, ուր ՀՕՄը տեղադրած էր այդ պաստառը եւ հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը. տօնավաճառին ամէնէն աւելի ժողովրդականութեան արժանացած սեղաններէն մէկը…
Այդ պատգամը՝ Արցախի ճանաչումը բոլորիս յանձնառութիւնն է: ՀՕՄի մասնաճիւղին եւ ԱՐԱՄԱի այս նախաձեռնութիւնը առաջինն է միայն համայնքային զօրաշարժի վերադարձին:
Առանձին կազմակերպութիւններ թէ համայնքի բոլոր հաստատութիւնները համախմբած IARA-ի ծրագիրը, որ համայնքին անունով կը գործադրուի, վճռակամութիւնը ունի ետին ձգելու պարտուողականութիւնը: Շուշին Շուշի է, երբեք Շուշա պիտի չըլլայ: Եւ Շուշին «տժգոյն ու տխուր քաղաք» չէ եղած, ոչ ալ պիտի ընդունինք որ ըլլայ:
Ամբոխավար ճառերը միշտ կը յիշեն Չարենցը եւ իր պատգամը հայ ժողովուրդի հաւաքական ուժին մասին՝ իբրեւ միակ փրկութիւն: Գործնականին մէջ, այնքան ալ ականատես չենք եղած անոր: Արցախեան շարժման «Միացո՛ւմը» այդ հազուագիւտ պահերէն էր: Անորմով առաջին պատերազմի յաղթանակը կերտուեցաւ, հայրենի հողերը ազատագրուեցան: Հայրենի քաղաքական խայտաբղէտ իրավիճակը հակապատկերն է անոր: Թերեւս Սփիւռքի մէջ փորձենք այդ գործնական քայլը տալ: ԱՐԱՄԱի ծնունդը արդիւնքն է քառասունչորսօրեայ պատերազմին, Արժանթինի հայ համայնքին, որ պատմական Սփիւռք է եւ անկախութենէն ետք Հայաստանէն հիմնականօրէն ընկերային-տնտեսական պատճառներով Սփիւռքի հարաւային ծայրամասը հասած եւ հաստատուած գաղթականութեան աննախընթաց մերձեցումով: Աննախընթաց՝ որովհետեւ այդ գաղթականութիւնը ինչ-ինչ պատճառներով չէր մօտենար համայնքային հաստատութիւններուն, մաս չէր կազմեր հաւաքական նախաձեռնութիւններուն, բացի անշուշտ բացառութիւններէ: Ահա այդ բացառութիւնները, աւելի ճիշդ՝ բացառիկ պայծառատես անձերը, բանալի դեր խաղացին՝ ստեղծելու համախմբումը եւ այդ ձեւով մասնակցելու IARA-ի համայնքային հանդիպումներուն:
Ինչ որ տեղի ունեցաւ/կ՛ունենայ հայութեան զարգացման նոր եւ ամէնէն անհրաժեշտ գործընթացն է՝ հայրենիք-Սփիւռք համարկում: Այդ մէկը Սփիւռքը տասնամեակներ ամբողջ երեւակայած էր՝ իբրեւ հայրենադարձութիւն, որուն յաջողութիւնը եւ ձախողութիւնը էր, է եւ պիտի մնայ քննարկումներու նիւթ: Եւ թերեւս այդ հայրենադարձութեան զօրաւոր իղձը Սփիւռքին մանաւանդ թոյլ չէր տուած հասկնալու որ «մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, եւ մէկ, մէկ, մէկ…»երու լօզունգները կը թաքցնէին «մրրկաւ զատուած» ազգի մեր երկու հատուաղներուն միջեւ փոխհասկացողութեան եւ մշակութային փոխաբերութեան անհրաժեշտութիւնը: Ինչ որ ընկերային գիտութիւններու մէջ ծանօթ է՝ իբրեւ համարկում: Ի դէպ, այդ յղացքը սփիւռքեան գոյավիճակին մէջ, եւ կը գրեմ հիմնուած Արժանթինի հայ համայնքին մէջ ծաւալած բանավէճերու միտք բանին նկատի ունենալով, հակադրուած է «ուծացում», «ձուլում», «ճերմակ ջարդ» եւ նման ուրուականներու, որոնք յաճախ կը յայտնուին հրապարակախօսութիւններու մէջ: Համարկումը կը վերաբերէր ապրած երկիրներու հասարակութեան հետ հաղորդակցութիւն իբրեւ հակաթէզ ինքնափակ համայնքներու կեթթոյացման: Այդ համարկումը կամ անոր իրողութիւն ըլլալու գիտակցութիւնը ի զօրու է տակաւին: Բայց, ահաւասիկ սեղանի վրայ կը դրուի հայրենիք-Սփիւռք համարկումի մարտահրաւէրը, որ կը թուի թէ իր առաջին յաջողութեան քայլերը տալու սկսած է Պուէնոս Այրեսի մէջ: Եւ կը խօսինք յարաբերաբար փոքրաթիւ համայնքի մը մասին: Այդ համարկման մեծ փորձադաշտերը անկասկած Հիւսիսն են՝ Քալիֆորնիա, Ֆրանսա… Եւ վստահ որ գործընթացը տեղի կ՛ունենայ: Կարեւորը՝ անոր գիտակցիլը եւ զայն Սփիւռքի մէջ քաղաքական մտածողութեան վերածելն է:
Այս խորհրդածութիւնը պաստառին յանձնելով՝ չեմ կրնար չնշել ընկերուհի Claudia Chatsadourian -Թորգոմեանին՝ շնորհակալութիւն յայտնելու համար մտածումի թռիչքը խթանած ըլլալուն համար: Գլաուտիային մտայղացումն էր Արցախի ճանաչման այս իւրայատուկ նախաձեռնութիւնը: