Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Գանատայի խորհրդարանի 25 Մարտի նիստին ընթացքին, ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Մայքըլ Չոնկ Թուրքիոյ վաճառուած գանատական ռազմական սարքերուն գծով ելոյթ ունենալով՝ յայտնեց, որ նախորդ շաբթուան ընթացքին Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան գերատեսչութեան կողմէ հրապարակուած փաստագրական թղթածրարը խոր մտահոգութիւն կը պատճառէ. ան հարցում ուղղեց Գանատայի վարչապետ Թրուտոյին՝ թէ արդեօք կառավարութիւնը առաջնահերթութի՞ւն կու տայ Գանատայի շահերուն եւ արժէքներուն ռազմական սարքերու արտածման գծով եւ պարտաւորուած կը զգա՞յ այլեւս չկրկնելու այդ անխոհեմ քայլը: Ան հարցուց նաեւ, եթէ կառավարութիւնը Թուրքիոյ ռազնական սարքեր վաճառելու սխալը ընդունելու մտադրութիւն ունի՞։
Պատասխանելով Մայքըլ Չոնկի հարցումին՝ վարչապետ Թրուտօ յայտնեց, որ դաշնակցային կառավարութիւնը իրազեկ դառնալէ ետք, որ սարքերը եւ գանատական գիտարուեստը կ՛օգտագործուին Արցախեան պատերազմին ընթացքին, կասեցուցած է անոնց արտածումը եւ դադրեցուցած է կազմածներու վաճառքը Թուրքիոյ։ Ան նաեւ յայտնեց, որ զէնքերու վաճառքին գծով կառավարութիւնը հաշուետուութեան եւ թափանցիկութեան պարտաւորութիւնները պիտի յարգէ։
Նշենք, որ 5 Հոկտեմբեր 2020ին, Գանատան յայտարարեց, թէ կը կասեցնէ ռազմական սարքաւորումներու մատակարարումը Թուրքիոյ: Պատերազմին ընթացքին, թրքական խոցուած անօդաչու թռչող սարքերէն մէկը կ՛ընդգրկէր Գանատայի Պըրլինկթըն քաղաքին մէջ գործող L3Harris Wescam ընկերութեան կողմէ արտադրուած MX-15D մակնիշով թիրախի տեսողական սարքը։
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը բազմաթիւ անգամներ կոչ ըրած էր Գանատայի կառավարութեան՝ դատապարտելու Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ բռնարարքները եւ դադրեցնել այդ երկիրները զէնքի արտածումը: