ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
1975ին Խոր Վիրապը հնադարեան հմայք ունէր, նորոգութեան ենթարկուած չէր: Երբ լսեցի, թէ Խոր Վիրապ պիտի երթանք այդ օր, սորվեր էի ամէն զարմանք բարձրաձայն չարտայայտել, ուրեմն ինքզինքիս ըսի. «Ամէն ինչ հասկցա՛նք, Խոր Վիրա՞պն ալ իսկապէս գոյութիւն ունի հիմա, եւ Հայաստանի մէ՞ջ է»։
Օրը Հինգշաբթի էր, կէսօրուան մօտ: Մարդ-մարդասանք չկար: Քիլոմեթրերը յակոբ-յակոբեանական հողագոյնի եւ ներզօր քնքշութեան մը մէջ պարուրուած էին: Ինքնաշարժին մէջ սրտադող կ՛երթամ… հեքիաթային դղեակ մը պիտի հասնինք, դարպասը պիտի բացուի, կիսափայլ պատմուճանով, երկար մօրուքով, տկար աչքերով վանական մը պիտի յայտնուի, պիտի ըսէ. «Բարի եկաք զաւակներս. մտէ՜ք երկնային արքայութեան մէջ»:
Հոգեբանօրէն այսպէս կը մտածեմ, միւս տագնապին մէջ չիյնալու համար: Ճամբայ ելեր ենք երթալու տեղ մը, որ օրէնքով արգիլուած է, յատուկ արտօնութիւն պէտք է, բայց կը տրուէր միայն կարեւոր նկատուած մարդոց: Ըսին, թէ միջնորդ ունէինք, սակայն փորձեցինք աննկատ մնալ, հեզիկ քայլերով յառաջացանք, եւ ի՜նչ…: Քար ամայութեան մէջ երգեցողութիւն մը շոգիի նման կը բարձրանար յատակէն: Յայտնեցին, թէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ծոռներուն ծոռներուն ծոռներէն էն վերջինը՝ յիսունչորս տարեկան կին մը, արդէն տարիներէ ի վեր կ՛ապրէր գուբին մէջ. այդ կինն է, որ ամայի երկինքին տակ ամպերու պէս շարական կը տարածէր:
Բարակ պարանով հիւսուած աստիճան մը կար. հի՛ւֆ ընես՝ տեղէն կը շարժի: Արուեստաբան Շահէն Խաչատրեան հարցուց եթէ կ՛ուզէի իջնել գուբ: Նայեցայ այդ աստիճանին եւ թերեւս անկումս տեսայ. ընկրկեցայ բայց ընտրեցի հարթ տարածութեան վրայ մնալ. ճկուն եմ, սակայն աճպարար չե՜մ. կեանքս այդ պարանէն կախեալ պիտի չըլլայ: Հապա եթէ ոտքս կոտրի՞, մղոններով ամայութիւն էր. ի՞նչ հիւանդանոց: Ես Հայաստանը տեսնելու եկեր էի եւ այդ գուբը իջնելը կրնար մէկ հարուածով ջնջել մնացեալ օրերուս երանութիւնը. (հիմա՛ ըլլար՝ առանց երկվայրկեան մը տատամսումի կ՛իջնէի աստիճաններէն):
Վայրկեան չանցած արդէն Շահէնը վստահ ու հանդարտ կ՛իջնէր վստահութիւն չներշնչող աստիճանէն. խօսեցաւ այդ կնոջ հետ («Քարնըկի Հոլ»ը ի՜նչ պիտի չտար այդպիսի ձայնային սարքաւորում (աքուստիք) ունենալու) մէյ մըն ալ սկսան «Տէր ողորմեա»ն երգել. լռեց կինը, Շահէնը շարունակեց, այնքան յուզիչ աղերսական եւ անանձնական. առաձգական բան մը կար այնտեղէն դէպի հայոց երկինքը բարձրացող: Կը փաթթուիս «Տէր ողորմեա»ին կամաց-կամաց քեզ հետը վեր կը բարձրացնէ: Չի բաւեր աշխարհի չորս կողմը խորաններէն, հայկական տուներու մէջէն կը լսուի, «Տէր Ողորմեա»ն մեր աղօթքին կամ սուգին կը ձայնակցի, հիմա ալ՝ Լուսաւորչի գուբէն կը յառնէ: Այս շարականը կը հանդարտեցնէ հոգիդ, որովհետեւ Աստուծոյ հետ կը խօսիս. միաժամանակ կը փշաքաղէ, որովհետեւ այսպիսի՛ աշխարհէ մը կը խօսիս: Աշխարհ մը, որ ինքնին ողորմելի չէր, նախահօր եւ հօր սրբանկար կը ստեղծէր, բայց ողորմող հօր պաշտպանութիւնը կ՛աղերսէր:
Ճիշդ հոն է սահմանը. կիսաւեր պատին ետեւէն զգոյշ կը դիտես: Քիչ մը անդին Արաքս գետը կը հոսի, անոր միւս կողմը կայնած է թուրք զինուորը՝ հրացանը ուսին: Չես կրնար քայլամոլոր երթալ Մայր Արաքսի ափերով, «հին հին դարուց յիշատակ»ը կը ցնդի. հրացանի մէկ հարուածով քեզ գետին կը փռէ իր ամայացած գանկով թուրք զինուորը: Գուբը կը պաշտպանէ պատմութիւնդ, թուրքը բուի պէս աչքերը լարեր է, մենք ալ երկուքին միջեւ գոյապահպանում պէտք է ստեղծենք:
«Արի Աստուած հայցն մերոց… Լեր օգնական ազգիս հայոց»:
Անկէ ի վեր որքան գուբեր իջայ, թէ՛ սուրբերու եւ թէ սատանաներու: Միշտ ալ ոգեզտիչ (քաթարթիք) էին: Որքան «Տէր ողորմեա»ներ լսեցի, բայց ամէն անգամ, որ յիշեմ Լուսաւորչի վերջին շառաւիղին «Տէր Ողորմեա»ն եւ Խաչատրեանին աղերսը, հին յուզում մըն է կը վերադառնայ: Այդ օրուան խունկը պարուրած է մարմինս:
Թէպէտ ո՛չ տկար ենք ոչ մեղապարտ, սա աներես սարսափազդու Քորոնան մէկդի հրած՝ «Տէր Ողորմեա»ն անդունդներէն ալ կ՛երգենք, Արցախի լեռներէն ալ կերգենք: «Կռունկ»ն ալ կ՛երգենք, «Յառաջ Նահատակ Ցեղի Անմահներ»ն ալ կ՛երգենք: Ծիծեռնակէն հրաժարեցանք, անդադար խապրիկներ կը բերէ մեր աշխարհէն, որոնք մէկը միւսէն տխուր են: Մայր Արաքսի ափերն ալ մէկդի դրեր ենք, հիմա Սիւնիք ու Հադրութ կը հոլովենք: Թիրախին տեսակը կ՛որոշենք:
Լրտեսը, չտեսը, ամէն տեսակը եկեր թառեր են մեր երկրին մէջ: «Տանղալախ» բառը ստեղծող ազգերը շրջապատեր են մեզ: Գիշերը երազ կը տեսնեն՝ առտուն նոյնը կը բարբաջեն: Այդ սիգապանծ գլուխներն ու ծուռ քիթերը իրենց երկրին մէջ թող պահեն: Արդէն Արտաշէս Աշխարհակալի ժառանգորդներուն երկու թիզ հող մնացեր է: Քարը իսկ գեղեցկացուցած ենք, երաշտ հողէն անմահական պտուղ կը քաղենք: Աշխարհի չորս ծագերուն բարձր մշակոյթի եւ տնտեսութեան ոլորտներ կը ստեղծենք:
Իրողութիւնը այն է, որ արմատ փնտռելէն մեր հոգին ելած է… Ամէն բանի արմատը պէտք է շօշափենք: Մենք արմատախիլ՝ Արեւմտահայաստան կ՛երթանք արմատ կը փնտռենք: Այդ «վայրի ցեղեր»ը ինչո՞ւ իրենց արմատները չեն փնտռեր: Կեղծ-կեղծ արմատներ կը շինեն կը փակցնեն մեր հողին վրայ: Եւ ո՞վ կու տայ այդ հողը իրենց. «տժգոյն ու դժբախտ քաղաք» անուանողն ու իր նախորդները: Թաւիշ ու պողպատ իրար խառնողները:
Հայաստանը երգի՛ աշխարհ էր: Վէրքը օտա՛րը կու տար. հիմա վէրքը հայն է որ կու տայ: Հայն է որ բալասան չի դներ իր բացած վէրքը բուժելու: Հայն է որ հինգ հազար «Տէր Ողորմեա»ներուն վրայ եռաբլուր շինած՝ մեր մայրը կը լացնէ:
Մենք «Տէր Ողորմեա»ն ապահով պահեր ենք տեղ մը, «Հաւատով խոստովանիմ»ով կը հաղորդուինք հիմա: Մինչդեռ հայու այն միւս տեսակը խոկալու փոխարէն՝ կը յոխորտայ ու կը խռկայ, գիշերները հողը կամաց-կամաց բորենի թշնամիին կողմը կը դարձնէ: Ճիփ եւ ճիշդ խլուրդի նման, առանց գիտնալու, թէ բորենին պիտի կլլէ՜ զինք:
Չթողո՛ւնք, չթողո՜ւք որ մեր Լուսաւորչի Կանթեղին պատրոյգը մարի:
Մարտ 20
Նիւ Ճըրզի