ՍՈՆԱ ԱՆՏՐԵԱՆ
Փոքրիկ տաղանդները յայտնաբերելու լաւագոյն միջոցը բեմահարթակն է, ուր մանուկներուն երեւակայութիւնը թռիչք կ՛առնէ եւ կը սաւառնի հեռուն՝ դէպի անսահման հորիզոնները։
Համազգայինի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, հաւատալով միութեան ազգապահպան առաքելութեան, մանաւանդ առկայծ պահելու եւ զարգացնելու համար հայ մշակոյթի եւ արուեստի սէրը մատղաշ սերունդին մէջ՝ կազմակերպած էր «Ձիրքերու երեկոյ» մը, որ տեղի ունեցաւ 26 Մարտին, կաթողիկէ «Րաֆֆի Պասմաճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ծնողներու եւ ազգայիններու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամ Մարալ Գաթըգլեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ բարձր գնահատեց ծնողներուն քաջալերանքը եւ հետեւողականութիւնը՝ իրենց զաւակները ուղղելու Համազգային եւ հաղորդակից դարձնելու հայ ժողովուրդի մշակութային արժէքներուն:
Քսան մասնակիցները՝ պատանիներ-մանուկներ, հերթով բեմ բարձրացան եւ անթերի կատարումներով ներկայացուցին արուեստի գեղեցիկ կտորներ՝ երգ, նուագ, արտասանութիւն եւ անմահն Թումանեանէն երկու թատերգութիւններ՝
«Ոսկու Կարաս» եւ «Բարեկենդան»:
Անոնք՝ մէյ-մէկ փայլուն աստղիկներ, ճառագայթեցին բեմին վրայ, կարծէք հեքիաթներու աշխարհէն պոկուած գոյնզգոյն թիթեռներ ըլլային, որոնք պահ մը կախարդեցին եւ ակնկառոյց պահեցին հանդիսատեսը:
Մանուկները իրենց երազանքներուն յանձնուած՝ լիաթոք երգեցին, արտասանեցին, նուագեցին եւ հմտութեամբ կատարեցին իրենց դերերը՝ հմայքով ու գոհունակութեամբ համակելով ներկաներուն հոգիները:
Վարչութիւնը ձեռնարկի աւարտին, «Աղօթենք Հայրենիքի խաղաղութեան համար» գաղափարը մարմնաւորող խորհրդանշական յուշանուէրներով պարգեւատրեց մասնակցողները, ապա վարչութեան ատենապետ Անդրանիկ Մելիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, ծնողներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին ձեռնարկին յաջողութեան, նման ձեռնարկներ յաճախակի իրագործելու խոստումով: