ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 1 Ապրիլին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ալեքսէյ Օվերչուկի հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկացուի կառավարութեան պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Արցախի բնակիչներուն վերաբերող մարդասիրական աջակցութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսութեան, ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու, գիւղատնտեսութեան, ենթակառուցուածքներու եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ համագործակցութեան խորացման հեռանկարները:
Ըստ հաղորդագրութեան՝ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ գործող եռակողմանի աշխատանքային խումբի եւ փորձագիտական խումբերու աշխատանքներուն վերաբերող հարցերուն: