ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
«Թէեւ հայրենիքէն հեռու… բայց հայրենիքը մեր մէջ»:
Հաստատում մը, որ հաւատք եւ նուիրում ներշնչած էր իւրաքանչիւր հաւատաւոր սփիւռքահայու հոգիին:
Սերունդներ դաստիարակուեցան ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան արդար «մոլուցքով», ուխտելով երազեցին եւ յանձնառու եղան իրենց սիրոյ եւ հաւատքի կուռքը դարձած հայրենի աշխարհին՝ միացեալ եւ անկախ Հայաստանին տեսլականի իրականացման պայքարին:
Ո՞ւր էինք… ո՞ւր կ՛երթանք եւ դեռ ո՞ւր պիտի հասնինք:
Վերոյիշեալ պարզ հարցումները, ցաւոտ ըլլալէ անդին, վախ եւ սարսափ կ՛ահազանգեն, կը մտահոգեն ոչ միայն ապրող ու արարող սերունդս, այլ վտանգը կը սպառնան մեր բոլորին երազած՝ գալիք ինքնավստահ հայ սերունդի կողմնորոշման, էութեան ու ինքնութեան:
Հարց: Արդեօ՞ք ազգասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը, յետ այսու, ժամանակավրէպ ըլլալու յաւակնութեամբ, անհեթեթ չափորոշիչներ են, թէ՞ ապազգային եւ համատարած համաշխարհայնացման սպասարկող ու «սոսկ մարդ» ապրելու կենցաղավարութեան դէմ քարոզչութիւնն է:
Թշնամիին հետ գործակցիլ չի նշանակէր թշնամիին ծառայել եւ գոհացնել: Ազգը ապազգայնացման առաջնորդելով, հայրենիքը «ան-հայրենիք» գաղափարներով աղանդաւորելով, մշակելով թշնամական գաղափարներ եւ հայը հայուն դէմ սրելով մատակարարել թշնամանք՝ հայրենադաւ ՈՃԻՐ է:
Ապա ուրեմն… Սփիւռք, Հայաստան եւ Արցախ սրբազան սէրն ու հաւատը չքացնե՞լ…
Հայ երիտասարդին, հայրենիքին ծառայելու երազը՝ փճացնե՞լ…
Հայկական բանակին գոյութիւնը խախտե՞լ եւ տկարացնե՞լ… եւ հայը զրկե՞լ անոր առթած հպարտանքէն…
Արցախը «կրճատել»ով, Հայաստանի գոյութիւնը բռնի վտանգե՞լ…
Դարերու՝ «միասնական ազգ եւ հայրենիք» «լոզունգ յորդոր»ը հարցականի տակ դնե՞լ…
Իւրաքանչիւր «թշնամական ծրագրի» իրականացման՝ «պետական գաղտնիք» ըսին ու հաւատացին պետական այրերը, որպէսզի մութ ծալքերով գործեն ու նուաստացնեն ազգայինը՝ տարածելով ապազգայինը…:
Երեք տասնամեակներ շարունակ փայփայեցինք Արցախ աշխարհի չնաշխարհիկ բնութիւնն ու ազգային ոգիի ու յաղթանակի փարոսը: Լուսաւոր մտքով ու տեսլականով պահպանեցինք ազգային մշակոյթն ու ժառանգութիւնը, դաստիարակելով սերունդներու ոգին ու էութիւնը, հպարտանալով արցախեան հերոսներու փաստուած եւ կամ անյայտ սխրանքներով… հիմա ի՞նչ… վե՞րջ… վերջ յաղթանակի՞, վե՞րջ հպարտանքի, վե՞րջ… եւ սկիզբ ՈՉ հայկական Արցախի՞…:
Վա՜յ քեզ ազգ երբ դարաւոր ու պանծալի անցեալդ մոռացութեան էջերուն յանձնելով կը պոկեն ու կը թաղեն քեզ օտարամոլութեան գիրկը եւ ազգային սկզբունքներդ ժամանակավրէպ խաբկանք կ՛որակեն:
Այս վիճակէն դուրս ելքեր որոնելու մարտահրաւէրին առաջ կանգնած, մեր ներուժը պիտանի պէտք է դարձնենք` ներքին համերաշխութեամբ եւ Հայրենիք-Սփիւռք զօրակցութեան կայունութեան ճամբով:
Քաջ գիտնալով, որ մարդկութեան եւ աշխարհի մշակոյթը սկսած էր Արարատի ստորոտէն, Նոյեան տապանէն, հայը աշխարհին տուած է հոգեմտաւոր, արուեստի եւ գիտաշխարհի անթիւ հանճարներ…
Ո՜վ ականջ ունի, թող լսէ՛…
Մեր ազգն ու հայրենիքը վերամիաւորուելու եւ արժանապատիւ կերպով ապրելու եւ արարելու արդար իրաւունքը ունի:
Մե՛նք, ունինք սրբազան հիմքը՝ հողն ու մշակոյթը, հայրենիքէն ներս ապրող մեր ազգայինները, Սփիւռքի տարածքին ապրող ու իր ձայնն ու գործը հաստատող հայրենասէր սփիւռքահայը… ուրեմն, ինչի՞ սպասել:
Մե՛նք պէտք է կրկին անգամ հաստատենք, մեր ազգային պետականութեան արժանապատուութիւնը՝ հայրենիքի եւ համայն Սփիւռքի ներուժով եւ տեսլականով:
Հա՛յը հայրենիքի մէջ:
Հա՛յը Սփիւռքի տարածքին:
Հա՛յը ամենուրէք:
Յիշե՛նք հայութեան կոչումը, ըստ Կոստան Զարեանին. «Մեր հոգեկան սնունդը Արարատէն է գալիս: Եթէ մենք ուրանանք մեր անցեալը եւ դաւաճանենք մենք մեզ, մենք կ՛ստորագրենք մեր մահը… Արարատի աստուածաշնչական ոգին պատրաստ է ճառագայթելու… մեր դաշտերն ու լճերը մագլցում են դէպի լեռը, վա՜յ մեզ եթէ հրաժարինք այդ բարձունքէն…»։