ՖՐԵԶՆՕ.- Լիլիթ Փիլիկեանի 100 Years from Home վաւերագրական ֆիլմը Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի պատկերասփռուի 22 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Ֆրեզնոյի հանրային Valley PBS կայանէն։
Անիկա Ապրիլ 24ին, նոյն ժամուն դարձեալ պիտի ցուցադրուի, որուն պիտի յաջորդէ Սթեֆընի Այանեանի What Will Become of Us-ի ցուցադրութիւնը, երեկոյեան ժամը 8։30էն սկսեալ։
Առաջինը պատմութիւնն է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով Փիլիկեանի Արեւմտեան Հայաստան կատարած ուխտագնացութեան, որուն նպատակն էր յայտաբերել իր նախնիներուն հետքերը եւ իր ինքնութեան ծալքերը, իսկ երկրորդը կը հետախուզէ վեց ամերիկահայերու վրայ Հայոց Ցեղասպանութեան ունեցած ազդեցութիւնը։