Անցեալ շաբաթավերջին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան հովուական եռօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Ֆրեզնօ, ընկերակցութեամբ Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի եւ անդամներ՝ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի, Մովսէս քհնյ. Շաննագեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի եւ անդամներ՝ Ծովիկ Զէյթլեանի, Արա Շապանեանի, Սարգիս Թաթիկեանի եւ Կարպիս Պէզճեանի ու Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեանի:
Առաջնորդը իր շքախումբով Լոս Անճելըսէն ճամբայ ելաւ Ուրբաթ, 9 Ապրիլի կէսօրին եւ յետմիջօրէին ընդունուեցաւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ աբղ. Խաչատուրեանի եւ Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս եւ Ազգային վարչութեան անդամ Պերճ Աբգարեանի կողմէ: «Ուրախ լեր» շարականին երգեցողութեամբ առաջնորդն ու կրօնական դասը ուղղուեցան Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցի, ուր կատարեցին Կանոնական աղօթքը, որմէ ետք սկիզբ առաւ առաջնորդ հօր հովուական եռօրեայ այցելութեան ծրագիրի գործադրումը՝ բծախնդրօրէն պատրաստուած եւ համադրուած Ազգային վարչութեան եւ համայնքի պատասխանատուներու կողմէ:
«ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՈՉ ՄԻԱՅՆ ՄԵՐ ԱԶԳԻ ԱՊԱԳԱՆ, ԱՅԼԵՒ ՆԵՐԿԱՆ Է»
Ուրբաթ երեկոյեան, սրբազանը եւ իր շքախումբը հիւրընկալուեցան եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Տէյվիտ Սարապեանի եւ իր կնոջ՝ Փաթի, յարկին տակ, ներկայութեամբ տեղւոյն ազգային երեսփոխաններու, Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան եւ շրջանի երիտասարդութեան: Սրբազանը առաջին հերթին օրհնեց Սարապեան ընտանիքը եւ անոնց հայաբոյր օճախը ու իր արտասանած խօսքին մէջ բարձր գնահատեց եռօրեայ այցելութեան կազմակերպիչները, իրեն ընկերակցող կրօնական եւ աշխարհիկ դասերու ներկայացուցիչներն ու մարմիններու անդամները եւ երեկոյին ներկաները, ապա մօտէն շփուեցաւ հետը ծանօթանալու եկած աւելի քան 70 երիտասարդ հաւատացեալներու հետ, որոնք բացառիկ ջերմութեամբ զրուցեցին իրենց տարեկից երիտասարդ առաջնորդին հետ եւ մեծ խանդավառութեամբ լսեցին անոր գօտեպնդիչ խօսքերը՝ իրենց հոգիներուն մէջ դաջելով անկրկնելի յիշատակ մը այս պատմական երեկոյէն, որ վերջ գտաւ աղօթքով:
Մեծապէս տպաւորուած Ֆրեզնոյի երիտասարդութեան հետ հանդիպումէն, սրբազանը Դիմատետրի իր էջին վրայ նոյն գիշերը գրեց հետեւեալը. «Օրհնեալ երեկոյ մը ունեցանք Ֆրեզնոյի երիտասարդութեան հետ, աղօթեցինք, երգեցինք ու զրուցեցինք՝ Յիսուս Քրիստոսի սէրը տարածելով մեր չորսդին»:
ԲԱՐԵԽՕՍԱԿԱՆ ԿԱՐԳ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԵՀԼԻՐԵԱՆԻ ՀՈԳՒՈՅՆ
Շաբաթ առաւօտեան ժամը 9ին, առաջնորդը եւ իրեն ընկերակցող հոգեւորականաց դասն ու Ազգային վարչութեան անդամները, այլեւ տեղւոյն ՀՄԸՄի վարչութեան ատենապետն ու ՀՄԸՄի սկաուտական կազմը, ծաղկեպսակներ գրկած՝ սկաուտներու թափօրին առաջնորդութեամբ յառաջացան դէպի Ֆրեզնօ համալսարանի շրջափակին մէջ զետեղուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, որուն շուրջ բոլորուած էին Ֆրեզնօ համալսարանի նախագահը՝ դոկտ. Սօլ Հիմենեզ Սանտովալ, փոխնախագահը՝ Տեպի Ատիշեան Ասթոն, Հայկական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան եւ հայազգի դոցենտ փրոֆ. Սերժիօ Լա Փորթա:
Սրբազանը մէկուկէս միլիոն հայ զոհերուն ի յիշատակ կատարեց Բարեխօսական կարգ եւ իր պատգամին մէջ ընդգծեց հայանպաստ գործունէութիւնը Ֆրեզնոյի համալսարանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր ղեկավարութեան, որ տարիներ առաջ յօժարած էր իր շրջափակին մէջ կանգնեցնել 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին աղաղակող յուշակոթողը: Դոկտ. Սանտովալ իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց սրբազանին եւ անսակարկ զօրակցութիւն յայտնեց հայ համայնքի բոլոր ծրագիրներուն: Հուսկ, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Այնուհետեւ առաջնորդը հանդիպում մը ունեցաւ ազգային բարերար Վահան եւ Անոյշ Շամլեաններուն հետ, իրենց բնակարանին մէջ, ապա իր շքախումբով ուղղուեցաւ Ֆրեզնոյի հայ համայնքի «Մասիս» գերեզմանատունը, ուր ՀՄԸՄի սկաուտները ծաղկեպսակներ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ոճրագործներէն Թալէաթ փաշան զգետնած արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանի շիրիմին: Առաջնորդը կատարեց հոգեհանգստեան արարողութիւն, հերոս Թեհլիրեանի հոգւոյն խաղաղութեան համար եւ յաւուր պատշաճի պատգամեց՝ հաստատելով, որ արդարութեան վերջնական հաստատումով միայն կարելի պիտի ըլլայ վերջ դնել Թուրքիոյ որդեգրուած ուրացման քաղաքականութեան:
Յիշեցնենք, որ Ս. Թեհլիրեանի շիրիմին շուրջ խմբուած էին նաեւ տեղւոյն ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան, ՀԵԴի «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի, ՀՕՄի «Սոֆիա» եւ «Մայր» մասնաճիւղերու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի ներկայացուցիչներն ու անդամները եւ հայորդիներ:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈՎԱՆԻԻՆ ՏԱԿ ԳՈՐԾՈՂ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Նոյն օրը կէսօրին, սրբազան հօր շքախումբն ու Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող մարմիններու ներկայացուցիչներ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ խմբուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ, ապա Թորգոմ եպս. Տօնոյեան յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ եկեղեցւոյ բարեզարդութեան ի նպաստ գործող մարմիններու պատասխանատուներուն, Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ. ծանօթացման, գնահատանքի եւ կարծիքներու փոխանակման ջերմ պահէն ետք, սրբազանը տեսակցեցաւ եկեղեցւոյ երգչախումբի անդամներուն հետ եւ իբրեւ յիշատակ առաջնորդական անդրանիկ այս այցելութեան՝ տղոց սորվեցուց երկու երգ եւ Ս. պատարագի յատուկ փորձեր կատարեց անոնց հետ: Անմիջականութիւնն ու զուարթ մթնոլորտը վարակիչ էին, երգչախումբը խորապէս ներշնչուած առաջնորդին ներկայութենէն եւ մղուած՝ իրենց առաջնորդ հօր հետ միատեղ երգելու թելադրականութենէն, քառապատկեց իր կարողութիւնները եւ սրբազանը հիացուց իր կատարողական մակարդակով:
«ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ ԼՈՒՍԱՒՈՐ ՓԱՐՈՍ Է»
Շաբաթ երեկոյեան, առաջնորդը իր շքախումբով հիւրընկալուեցաւ եկեղեցւոյ աջակից հաւատացեալներէն տէր եւ տիկին Ռալֆ եւ Ժանէթ Յովհաննէսեաններու բնակարանին մէջ, ուր նաեւ ներկայ եղան Ֆրեզնոյի հայ համայնքի բարերարները: Տնօրհնէքի աղօթքէն եւ բարի գալստեան խօսքերէ ետք սրբազանը ծանօթացաւ 60է աւելի հրաւիրեալներու եւ մտերմիկ զրոյց ունեցաւ ներկաներուն հետ, որոնք ընկերային ջերմ ու անմոռանալի պահ մը ապրեցան իրենց առաջնորդին հետ: Թորգոմ եպիսկոպոսը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Ֆրեզնոյի հայութիւնը՝ իր բարձրամակարդակ պատրաստուածութեան եւ լաւագոյնս հիւրընկալման համար՝ շեշտելով, որ Ֆրեզնոյի հայ համայնքը Արեւմտեան թեմի կեանքին մէջ կը կատարէ լուսաւոր փարոսի դեր, ապա յաջողութիւն մաղթեց բոլորին, իրենց ազգաշէն եւ եկեղեցանուէր գործունէութեան մէջ:
ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի առաւօտեան, հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը շտապեց հասնիլ Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցի, ներկայ ըլլալու համար Ս. պատարագին, որ այդ օր կը մատուցուէր Լոս Անճելըսէն ժամանած առաջնորդին կողմէ: Առիթը նաեւ եզակի էր՝ սրբազան հայրը մօտէն տեսնելու եւ անձնապէս անոր ծանօթանալու համար: Պատարագին սպասարկեցին Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան եւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան: Արարողութեան ընթացքին առաջնորդը նաեւ կատարեց եկեղեցւոյ նուիրաբերուած «Անառակ Որդի»ի պատկերին օծումը եւ այս առիթով յորդորեց հաւատացեալ ժողովուրդը՝ ըլլալ բարեպաշտ ու աստուածասէր, «ամէն բանէ առաջ եւ աւելի Յիսո՛ւսը սիրել կեանքի մէջ»:
«Աստուած Ինք է, որ այսօր մեզ քով-քովի կը բերէ եւ մեր այս եկեղեցին կ՛ըլլայ աստուածային այն միջոցը, որմով երկինք եւ երկիր քով-քովի կու գան եւ մարդերը միանալով՝ յաչս Աստուծոյ կը մէկանան», ըսաւ առաջնորդը:
Արարողութեան աւարտէն ետք, Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եկեղեցւոյ բակին մէջ մեծ ուրախութեամբ մասնակից դարձաւ Կիրակնօրեայի պատանի եւ փոքրիկ աշակերտներուն համար կազմակերպուած զատկական հաւկթախաղին եւ հրճուանքի բացառիկ պահ մը նուիրեց փոքրիկներուն: Հուսկ, Ֆրեզնոյի հայ համայնքի մեծ թիւով անդամներ, հասուն տարիքի, երիտասարդ, թէ փոքր, իրենց շնորհաւորանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին առաջնորդին, նման պատմական յիշատակելի եռօրեայ այցով համայնքային կեանքը շէնցնելուն եւ բոլորին հոգիները աստուածային ուրախութեամբ լեցնելուն համար:
Յայտնենք, որ Կիրակի, հրաժեշտի սիրոյ սեղանէն ետք, սրբազանը իր շքախումբով վերադարձաւ Լոս Անճելըս: