ԱԼԻԵՒ ՀԱՄԱՄԻՏ ՉԷ
ՄՈՍԿՈՒԱ.- ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները կրնան օգտակար դեր խաղալ Արցախի կացութեան կարգաւորման հարցին մէջ, ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի Միջազգային հարցերու յանձնախումբի նախագահ Կրիկորի Քարասին:
Պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք կը նախատեսուի՞ Արցախի հոլովոյթներուն մէջ ներգրաւել ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները՝ Քարասին ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ անոնք այդ աշխատանքին մէջ կրնան օգտակար դեր խաղալ: Այդ եռեակը փորձառութիւն եւ արտաքին մեծ աջակցութիւն ունի: Կը կարծեմ, որ կարելի է վերսկսիլ ԵԱՀԿի համանախագահներուն հովանիին տակ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու կանոնաւոր հանդիպումներու գործելաոճը, ինչ որ միջազգային զգալի արձագանգ պիտի ստանայ»:
Ան աւելցուց, որ ներկայիս հարցերու հիմնական զանգուածը կը վերաբերի մարդասիրական հարցերուն. պատերազմական գերիներու փոխանակման աւարտի, զոհուածներու մարմիններու վերադարձի, գաղթականներու եւ անոնց բնակութեան համար պատշաճ պայմաններու ստեղծման հետ: Սուր է նաեւ Արցախի տարածքի եւ անոր շուրջ շրջաններու ականազերծման հարցը:
«Անշուշտ, շատ բան կախեալ պիտի ըլլայ անկէ, թէ որքան արագ կարելի պիտի ըլլայ կողմերուն միջեւ վստահութիւն հաստատել: Որոշ քայլեր արդէն կատարուած են: Ռուսիոյ նախագահին նախաձեռնութեամբ կը շարունակուի քաղաքական հարցերու քննարկումը, հանգուցալուծումներու որոնում տեղի կ՛ունենայ: Աշխուժօրէն կ՛աշխատի փոխվարչապետներու մակարդակով եռակողմ յանձնախումբը, որ կը քննարկէ տնտեսական, փոխադրամիջոցներու եւ գումակային հարցերը», նշեց ռուս ծերակուտականը:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ըսաւ, որ Պաքու կ՛ակնկալէ, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբը այսուհետեւ կրնայ դեռ ունենալ իբրեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու մարմին, «բայց ոչ թէ իբրեւ հակամարտութիւնը կարգաւորող խումբ, որովհետեւ համակարտութիւնը արդէն կարգաւորուած է»:
Ալիեւ աւեցուց, որ միջազգային դերակատարներ կրնան աջակցիլ սահմանները ճշդելու, ապառազմականացման եւ համագործակցութեան հաստատման: