ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․– Մոսկուա կ՛ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բարի դրացիական յարաբերութիւններու հաստատման ջանքերը, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա՝ պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիա պատրա՞ստ է միջնորդելու Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու գործընթացին:
«Յուսալի հիմք կը հանդիսանան 9 Նոյեմբեր 2020ին եւ 11 Յունուար 2021ին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնները։ Մենք պատրաստ ենք աջակցելու այդ գործընթացին։ Տակաւին պէտք է յաղթահարել շատ մը դժուարութիւններ եւ խոչընդոտներ։ Շեշտը կը դնենք կայունութեան եւ ամուր տնտեսական զարգացման վրայ։ Կը յուսանք, որ կը յառաջանանք յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման ուղղութեամբ», նշեց Զախարովա: