ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․– Եղեռնի 106րդ տարելիցի սեմին, «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է «Ermeni Soykırımı’nın Kısa Bir Tarihi» («Հայոց Ցեղասպանութեան Ամփոփ Պատմութիւնը») գործը, որուն հեղինակն է Թաներ Աքչամ։
Գործը Թաներ Աքչամի ցարդ հեղինակած գիրքերու շարքէն որոշ չափով կ՛առանձնանայ, որովհետեւ ան փորձած է նիւթը համառօտ եւ մատչելի ձեւով մատուցել՝ ընթերցողները մտածումներու մղելու նպատակով։ Աքչամ իրադարձութիւնները կը դիտարկէ պաշտօնական տեսակէտներու ազդեցութենէն զերծ մնալով։
Հրատարակիչները կը մատնանշեն, որ Օսմանեան կայսրութիւնը եւ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը կարգ մը առումներով յստակօրէն կը տարանջատուին, ունին սուր ճամբաբաժաններ, սակայն, նոյն ժամանակ, կարգ մը առումներով ալ ունին հետեւողականութիւն եւ շփում։ Այս ոլորտներուն վերաբերեալ իրադարձութիւնները, հասկացութիւններնը եւ վէճերը վերջին տարիներուն պատմաբաններու առանձին ուշադրութեան առարկայ կը դառնան։ Կայսրութենէն հանրապետութիւն անցումի ամէնէն սուր ու ողբերգական անկիւնադարձերէն մէկուն վրայ ի յայտ կու գայ Հայկական Հարցը, որուն «կարգադրուած» շրջանը սահմանափակ չէր միայն 1915-1918 թուականներով։
Աքչամ, որ շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր իբրեւ պատմաբան խոշորացոյցի տակ առած է այս նիւթը, ներկայ գիրքին մէջ թէեւ ամփոփում մը կը մատուցէ, սակայն, ընդհանուր շրջանակ մըն ալ կը գծէ՝ բիւրեղացնելու համար 1878-1923 ժամանակաշրջանին վերաբերեալ ընկալումները։ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, գրեթէ չորս բնակիչներէն մին քրիստոնեայ էր։ Այսպիսի ժողովրդագրական իրականութենէ մը ետք, ըստ հրատարակիչներուն, Ցեղասպանութիւնը հայոց հետ սահմանափակ չէ մնացած եւ գործընթացը այնպիսի հետեւանքներու ծնունդ տուած է, որ քրիստոնեայ տարրերը ընկերային եւ մշակութային առումով ոչնչացուած են։ Հանրապետական շրջանի քաղաքականութիւններով այս գործընթացը տեւականացուած է զանազան միջոցներով։ Առ այյդ, մերօրեայ Թուրքիոյ ընկալման տեսանկիւնէն ալ այս բոլորը ունին բանալիի նշանակութիւն։
Աքչամի այս գիրքը Օսմանեան պետութեան քրիստոնեայ բնակչութեան՝ համակեցութենէն դէպի ոչնչացում տարուիլը կը բացատրէ, որոշումներ տուած ենթականերով հանդերձ։ Հրատարակիչները կը մատնանշեն, որ փորձառու պատմաբանը այս բոլորը մատչելի կառուցուածքով մը ընթերցողին կը ներկայացնէ իր հարուստ պաշարով։
Գիրքին խմբագիրներն են՝ Օնուր Քոչյիղիթ եւ Ռոպեր Քոփթաշ։