
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կը Կեդրոնական կոմիտէն գուժէ վաստակաշատ համայնքային ղեկավար եւ գործիչ ընկեր Խաժակ Տիքիճեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, Ապրիլ 22ին, Լոս Անճելըսի մէջ:
Տասնամեակներով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան իր անդամակցութեան ընթացքին, ընկեր Տիքիճեան ստանձնած է շարք մը պատասխանատու պաշտօններ եւ եղած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ քանի մը առիթներով շրջանը ներկայացուցած է ՀՅԴի Ընդհանուր ժողովներուն:
Ընկեր Տիքիճեան եղած է նաեւ Արեւմտեան թեմի Ազգ. Վարչութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ: