ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը 2021-2022 տարեշրջանի իր ատենապետը ընտրեց Շանթ Սահակեանը, որ պաշտօնը պիտի ստանձնէ դոկտ. Արմինա Կարապետեանէն։
Նշենք, որ Սահակեան 2017ի Ապրիլին ընտրուած էր Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ, հանդիսանալով այդ մարմինին պատմութեան մէջ վարչութեան ամէնէն երիտասարդ անդամը։
2019ին ան Հայ-ամերիկեան թանգարանի գործադիր վարիչ նշանակուած էր։
Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի դպրոցներէն շրջանաւարտ Սահակեան հասակ նետած է քաղաքին մէջ։ Ան եղած է Կլենտէյլի Արուեստներու եւ մշակոյթի յանձնաժողովի անդամ եւ ատենապետ։ Ան կամաւոր այլ աշխատանքներ եւս կատարած է քաղաքի տարածքին՝ բարելաւելով քաղաքի սպասարկութիւններուն որակը եւ երիտասարդութեան նեցուկ կանգնելու կարելիութիւնները: Միայն 14 տարեկանին, ան հիմնած է «Սետնա Սոլուշընզ» ընկերութիւնը, որ տեղական ընկերութիւններու եւ ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւններու հաղորդակցական կարիքներուն հասած է: 2016ին ան ստացած է Կլենտէյլի Առեւտուրի գրասենեակին «Տարուան Անձնաւորութիւնը» մրցանակը, ինչպէս նաեւ քաղաքի քանի մը այլ կազմակերպութիւններէ մրցանակներ:
Սահակեան ձեւաւորման եւ շուկայական մարզերուն մէջ մասնագիտացած է Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի յարակից ծրագիրին (UCLA Extension) մէջ: