ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր»․- Հայոց Ցեղասպանութեան 106ամեակին առիթով, Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբին ուղարկեց նամակ մը, որուն մէջ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայութեան՝ նշելով. թէ հայ ժողովուրդի բնաջնջումը հաւաքական եւ հետեւողական ոճիր մըն էր։ Ստորեւ կը ներկայացնենք վարչապետի նամակին հայերէն թարգմանութիւնը․
««Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը» իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող տարելից մըն է յոյն եւ հայ ժողովուրդներուն համար, որոնց կապերը կու գան դարերու խորերէն։ Բայց նաեւ՝ բարեկամութիւն մը, որ դարբնուած է դժուար պայմաններու տակ։
«1915ի ոճիրէն հարիւր վեց տարի ետք, մարդկութիւնը չի մոռնար ամբողջ ժողովուրդի մը բնաջնջումը։ Հաւաքական եւ հետեւողական ոճիր մը, որ կազմակերպուեցաւ երբ ամբողջ երկրագունդի հայեացքը ուղղուած էր Համաշխարհային Ա․ պատերազմի խրամատներուն վրայ։
«Այսօր, ուրեմն, ինչպէս ամէն Ապրիլ 24ի, կը յարգենք անմեղ զոհերու յիշատակը, յայտնելով մեր հաւատարմութիւնը մարդկային կեանքի յարգանքին ու արժանապատուութեան սկզբունքներուն։ Որովհետեւ, միայն խաղաղ գոյակցութիւնն է, որ ազգերը դէպի յառաջ կ՛առաջնորդէ, տարբեր ըլլալու իրողութիւնը փոխակերպելով հասարակաց հարստութեան։
«Ժամանակի գլորումին մէջ, Յունաստանը եւ Կովկասը միասին քալեցին դիցաբանութեան ու պատմութեան, քաղաքակրթութեան ու աւանդութիւններուն ընդմէջէն։ Այս պատճառով ալ, մեր երկիրը նեցուկ կանգնեցաւ խոցուածներուն ու վիրաւորներուն՝ Հայաստանի վերջին փորձութեան ընթացքին։ Անմիջապէս ընդառաջեց մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու կոչին։ Այսօր, մեր երկիրը զօրավիգ կը կանգնի շրջանին մէջ ապահովութեան հաստատման գործընթացին՝ յենած Միջազգային Արդարութեան կանոններուն վրայ։ Լուծում մը, որ պիտի յարգէ տեղացի ժողովուրդին իրաւունքները, հեռու՝ նոր ու անարդար արիւնահոսութենէ։
«Նաեւ, Յունաստան չի կրնար մոռնալ, որ 20րդ դարու սկիզբը, յոյները եւ հայերը միասին ճաշակեցին ողբերգական պահեր, Պոնտոսի եւ Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու ողբերգութեան ընդմէջէն։ Ճիշդ այդ պատճառով, նոյնիսկ դժուար պայմաններու տակ, մեր երկիրը առաջիններէն եղաւ, որ պատսպարեց հալածուած Հայերը եւ ճանչցաւ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը։ Դարերու ընդմէջէն եկող հասարակաց երթը կը շարունակուի այսօր եւս՝ երկու երկիրներուն մէջ ապրող համայնքներուն միջոցով։ Իրար միջեւ ամուր հաստատուած կամուրջներ, որ արգասաբեր կերպով կը մասնակցին երկու երկիրներու տնտեսական եւ ընկերային կեանքին, վերանորոգելով իրենց դարաւոր բարեկամութիւնը։
Կը փակեմ՝ կրկնելով պատմական յիշողութեան պահպանման կարեւորութիւնը, մանաւանդ երբ մոռացութիւնը պատճառ կը դառնայ կրկնելու այն արարքները, որոնք իրենց մռայլ հետքը թողեցին պատմութեան վրայ։ Հետեւաբար, մեր զգօնութիւնը պէտք է դառնայ մնայուն։ Մեր խօսքերուն պէտք է ընկերանան այն գործողութիւնները, որոնք պիտի կարենան կասեցնել խտրականութիւնը, ատելութիւնը եւ բռնութիւնը։ 106 տարիներ ետք, ուրեմն, կը յիշենք, կը մնանք զգօն եւ կը գործակցինք»։