Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Նախագահ Ճոզէֆ Պայտընին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը բացայայտօրէն եւ անվիճելիօրէն ճանչնալուն համար:
2019ին, Քոնկրեսի զոյգ պալատներուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան գրեթէ միաձայնութեամբ ճանաչումով, եւ այժմ նախագահին կողմէ կատարուած յայտարարութեամբ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը խօսի ուժեղ եւ յստակ՝ վերջապէս իր աւարտին հասցնելով իր արտաքին քաղաքականութեան վրայ ու տասնամեակներու վրայ երկարող թրքական տխուր ազդեցութիւնը:
Մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրին պաշտօնական ճանաչումով, նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունած տասնեակ այլ երկիրներու արշաւին միանալով՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը այսպիսով նշանակալի քայլեր կ՛առնէ դէպի արդարութեան վերահաստատում – քայլեր, որոնք անկասկած պիտի ներառեն Թուրքիոյ կողմէ հաշուետուութիւն եւ համապատասխան հատուցումներ։
Ցեղասպանութիւն գործելու շարունակական իր միտումը եւ հայկական ժառանգութեան բոլոր հետքերը շրջանին մէջ անհետացնելու իր հետեւողական ջանքերը յստակօրէն դրսեւորուեցան, երբ 2020ի աշնան Թուրքիա հովանաւորեց Արցախի մէջ Ատրպէյճանի ճիգերով հայեր բնաջնջելու փանթուրանական ծրագիրը:
Ազատութեան, արդարութեան, հաւասարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու իր դաւանած իտէալներուն հետ համահունչ՝ Միացեալ Նահանգները կրնայ եւ պէտք է առաջնորդողի դեր կատարէ՝ արգելափակելու համար Թուրքիոյ ծաւալապաշտական եւ վտանգաւոր ծրագիրները:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը հանգամանօրէն ճանչնալու եւ այս վերջինիս ուրացման քաղաքականութեան վերջ դնելու՝ նախագահ Պայտընի քաջարի քայլը վերջապէս Միացեալ Նահանգները ճիշդ ուղղութեան վրայ կը դնէ, եւ մեզ կը զինէ նոր յոյսերով ու վճռակամութեամբ։
Վերջապէս, այս առիթը յարմար դատելով, մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք տասնամեակներու վրայ երկարող եւ հայութեան իրաւունքները պաշտպանել ձգտող գործունէութեան համար, որ ի գործ դրուեցաւ ամերիկահայ կազմակերպութիւններու, Հայ Դատի հայ թէ օտար զինուորագրեալներու, ինչպէս նաեւ մեր յանձնառու համայնքին կողմէ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի Արեւմտեան Թեմ
Առաջնորդարան Հայոց Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն
Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն Արեւմտեան Շրջան
«Թէքէեան» Մշակութային Միութիւն
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն
Միացեալ Հայ Երիտասարդներ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ամերիկայի Հայկական Համագումար
Հայ Իրաւաբանական Միութիւն
Պոլսահայ Միութիւն
Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն
Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն
Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն
Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն
Ծառայողական Աշխատողներու Միջազգային Միութիւն
Հարաւային Քալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ