ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Տիգրանակերտի հանրապետական գլխաւոր դատախազութիւնը հետաքննութիւն սկսած է Տիգրանակերտի փաստաբանական պալատին դէմ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 106րդ տարելիցին առիթով անոր յայտարարութեան համար։
Պալատի նախագահին եւ խորհուրդի անդամներուն դէմ մեղադրանք առաջադրուած է Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի՝ Թուրքիան նսեմացնելու մասին յօդուածով:
Տիգրանակերտի փաստաբանական պալատին յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Կը կիսենք Մեծ Աղէտին ցաւը: Մենք որեւէ տեղ չենք կրնար հասնիլ՝ պատմութեան խաւարէն խուսափելով: Հայերուն ներկայացուցած ճշմարտութիւնը անցեալին հետ առերեսուելու ամէնէն կենսական հանգոյցներէն մէկն է»:
Միւս կողմէ, Պոլսոյ մէջ գտնուող Պողազիչի համալսարանի «Համերաշխութիւն» խումբը Ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով, դիմելով Թուրքիոյ իշխանութեան եւ հասարակութեան՝գրած է. «Դուք մոռցած էք, որ հայերուն ոչնչացումը կը նշանակէ ամբողջ Թուրքիոյ փլուզում: 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան 106րդ տարելիցին կը կիսենք հայ ժողովուրդին ցաւը»: