ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 19 Մայիսին, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին ներկայացուց Հայաստանի եւ Արցախի սահմանին տիրող ներկայ իրավիճակը` ընդգծելով, որ ատրպէյճանական ուժերը, հակառակ միջազգային իրաւունքի բոլոր սկզբունքներուն, խախտած են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքը:
Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց այս օրերուն Ռուսիոյ կողմէ ներդրուող ջանքերուն համար, որոնք կը վերաբերին տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման: Հայկական կողմը հաղորդեց նաեւ, որ զրուցակիցները «համակարծիք են եղել իրավիճակի հանգուցալուծման ճանապարհների եւ դրա մեթոդաբանութեան շուրջ»:
Նշենք, որ նոյն օրը, աւելի կանուխ, Փութին հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ըստ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան՝ անոնք կարծիք յայտնեցին, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծումը պէտք է իրականացուի դիւանագիտութեամբ: