ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Նիկոլ Դումանի բուն անունն էր Նիկողայոս Տէր Յովհաննիսեան: Ան ծնած է 1867ին, Ղարաբաղի Խաչէն գաւառի Ղշլաղ գիւղը: Ան եղած է քահանայի զաւակ, նախնական կրթութիւնը ստանալով իրենց գիւղին մէջ, հօր մօտ: Ապա յաճախած է Շուշիի թեմական դպրոցը՝ 1887ին աւարտելով անոր հինգամեայ դասընթացքը: Միեւնոյն տարին գրագիրի պաշտօն ստացած է Արցախի թեմի վիճակային ատեանին (կոնսիստորիա) մէջ, եւ կարճ ժամանակ յետոյ ստանձնած է ատեանին քարտուղարութիւնը:
Ութսունական թուականներու վերջերը Շուշին, ինչպէս նաեւ Կովկասի միւս հայկական կեդրոնները, հայրենասիրական խմորումներով էին բռնուած: Թրքահայութեան դատը գրաւած էր երիտասարդութեան մտքերը: Մտաւորականութեան եւ աշակերտութեան մէջ գաղտնի ընկերութիւններ կազմուած էին: Օրուան հարցն էր Թրքահայաստանի ազատութեան աջակցելու պահանջը: Ղարաբաղի մայրաքաղաքը առաջին ահազանգը հնչեցնողներէն էր: Եւ երիտասարդ Նիկողայոսը, բնականաբար չէր կրնար անմասն մնալ այդ տրամադրութիւններէն:
Երկու տարի Շուշիի մէջ պաշտօնավարելէ յետոյ, Նիկոլը որոշ ժամանակ ալ ուսուցչութիւն կ՛ընէ Հիւսիսային Կովկասի հայկական դպրոցներու մէջ, բայց խաղաղ մշակութային աշխատանք իրեն չէր հրապուրեր:
1891ին ան կ՛անցնի Պարսկաստան, միանալու համար դաշնակցական ռահվիրաներուն, որոնք ձեռնարկած էին Կովկաս-Թաւրիզ-Սալմաստ-Վասպուրական յեղափոխական գիծի կազմակերպութեան: Յաջորդ տարի,1892ին, ան առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպի Յովսէփ Արղութեանին, Թաւրիզի մէջ:
Այնուհետեւ կը սկսի Նիկոլի փայլուն հայդուկային գործունէութիւնը: Անոր առաջնորդութեամբ շատ անգամ հայդուկային խումբեր կ՛անցնին Երկիրը եւ կռուի կը բռնուին զօրքերու ու քիւրտերու հետ: Անոնց շարքին են՝ Դերիկի երկրորդ կռիւը, ուր ան 11 զինուած ընկերներով բազմաթիւ անզէններու կեանքը փրկեց, Պօղաս-Քեասանի փայլուն կռիւը, ուր ան վաստկեցաւ քրտերէն ԴՈՒՄԱՆ մականունը, ինչպէս նաեւ Կոթուրի կռիւը, եւ վերջապէս Խանասորի արշաւանքը:
Քիւրտերը «լօ-լօ»ներ հիւսեցին դրուատելով Դումանի քաջութիւնը, եւ այն սարսափը, որ կը ձգէ ան ամէն տեղ:
Ահաւասիկ կտոր մը քրտական լօ-լօ-ներէն.
ՊՕՂԱՍ- ՔԵԱՍԱՆԸ ԱՌԱՆՁԻՆ ԳԻՒՂ Է,
ՆԱԹԱՆԵԱՆԻ ՏՈՒՆՆ ԷԼ ՔԵԱՖՐՆԵՐԻ ԲՈՒՆՆ Է,
ԹՈՂ ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱՏԺԻ ՔԵԱՖՐ ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆԻՆ,
ՈՐ ԿՏՐԵՑ ՁԵՌՔԸ ՄԵՐ ՇԱՄՍԻԿՑԻՆԵՐԻՆ:

Այս երգը կապուած է Պօղաս-Քեասանի կռուի հետ: Դումանը իր խումբով կ՛իջաւանէ այդ գիւղը, Նաթանեանի տունը: Քիւրտերը իմանալով այդ՝ կը շրջապատեն Նիկոլին: Ուզելով խեղդամահ ընել հայդուկները ծուխի ու մուխի մէջ, անոնք կը ծածկեն տունը խոտով, փուշերով ու կրակի կու տան: Ապա սկսելով հրացանաձգութեան, կ՛առաջարկեն Նիկոլին անձնատուր ըլլալ:
Երբ կրակն ու բոցը կը ծածկեն տան չորս կողմը, Նիկոլը հրացանը ձեռքին, դուրս կու գայ քիւրտերու մէջէն եւ դրան առաջ հրացանի երկու հարուածով, գետին կը գլորէ շամսիկցիներու ցեղապետին: Ապա կը սպաննէ 10 այլ, իսկ մնացեալ քիւրտերը սարսափահար փախուստի կը դիմեն:
«ԱՎԱ ՄՐՈՎ ՆԻՆԱ, ԱՎԱ ԴԻՒՄԱՆ Ա»՝ «սա մարդ չէ, սա դուշման- փոթորիկ է» կ՛ըսեն քիւրտերը եւ երգեր կը հիւսէն Դումանի քաջութեան մասին:
Նիկոլ Դումանը անծանօթ մը չէր նաեւ Կովկասի հայերուն: Անոր դերը հայ-թաթարական ընդհարումներու շրջանին, երկար ժամանակ չի մոռցուիր Պաքուի ե Երեւանի հայութեան կողմէ: Ուր վտանգի սպառնալիք կար հայութեան, հոն զգացուած է Դումանի ներկայութիւնը. ան հասած է օգնութեան եւ կատարած իր պարտականութիւնը:
Առաջին աշխարհամարտը նոր էր սկսած, երբ Թիֆլիսի մէջ բուռն թափով կը կազմակերպուէին հայ կամաւորական զօրախումբերը: Սեպտեմբերի վերջերը, Պաքուէն հեռագիր եկաւ Թիֆլիս. «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆԸ ՄԵՌԱԾ Է ԿԻՍԼՈՎՈԴՍԿՈՒՄ»:
Շուտով կը հասնին նաեւ մահուան մանրամասնութիւնները:
Նիկոլ Դումանը, ծանր հիւանդ յօդացաւով ու թոքախտով, 1914ի ամառը կը գտնուէր Կովկասի յայտնի բուժավայրը՝ Քիսլովոտսքի: Կը գիտակցեր իր վիճակի ծանրութեան: Եւ իմանալով, թէ կամաւորական խումբեր կը կազմուին, եւ Թիֆլիս հաւաքուած են անուանի հայդուկները՝ Անդրանիկ, Քեռի, Դրօ, Համազասպ, Սեպուհ եւ ուրիշներ, ու զգալով, որ ինքը անկարող է միանալու իր զէնքի ընկերներուն, այլեւս իմաստ չի տեսներ ապրելու մէջ եւ Սեպտեմբեր 23ին, երեկոյեան ժամը 9ին, ատրճանակով վերջ կու տայ իր կեանքին:
Նիկոլ Դումանի թաղումը տեղի կ՛ունենայ Թիֆլիսի մէջ, Սեպտեմբեր 28ին: Արտասովոր բազմութիւն մը ներկայ կ՛ըլլայ: Ամէն կողմէ անհաշիւ հեռագիրներ ուղարկուած էին մեծ մարտիկին յուղարկաւորութեան առթիւ: Դագաղը հողին յանձնուեցաւ Խոջիվանքին մէջ, Սիմոն Զաւարեանի գերեզմանի կողքին:
Սեպտեմբեր 28ին, «Հորիզոն» թերթը նուիրուեցաւ Նիկոլ Դումանի յիշատակին: Այստեղ առաջ կը բերենք Խանասորի Իշխանին, Յովսէփ Արղութեանի գրուածքը: Դեռ Խանասորէն առաջ եւ Խանասորէն ետքն ալ, ջերմ չէին երկուքին յարաբերութիւնները՝ զուտ գաղափարական գետնի վրայ, եւ Իշխանի արտայայտած ընկերական տաք ու անկեղծ զգացումները առանձնապէս խորունկ տպաւորութիւն գործեցին բոլորին վրայ:
Հատուածներ Յ. Արղութեան խօսած դամբանականէն.
«Այսօր, նուիրական Սիմոն Զաւարեանի կողքին, կը կազմուի նոյնքան նուիրական նոր դամբարան մը՝ Նիկոլ Դումանինը: Յաւիտենական հանգիստի մէջ, իր սիրելի ընկերոջ կողքին, ան պիտի փսփսայ անոր ականջին, վերջին տարիներուն իր կրած ֆիզիքական եւ հոգեկան տանջանքներուն մասին: Տանջուած, հիւծուած թոքախտի ճիրաններուն եւ լսել, որ երկար տարիներու ընթացքին իր փայփայած գաղափարները մօտ են իրականացման, եւ անմասն մնալ հայութեան վերջին մարտահրաւէրին՝ ան չկարողացաւ եւ արագացուց իր կեանքի եղերական վախճանը: Բազմաթիւ ճակատամարտերու եւ փորձանքներու բովէն անցնելէ յետոյ, անոր հոգին չհաշտուեցաւ այն մտքի հետ, որ պիտի իյնայ ինչ որ բացիլներու (մանրէներու) ձեռքէն:
Եթէ Ս. Զաւարեանը իրաւամբ կը համարուէր մեր ազատագրութեան շարժման խիղճը, ապա նոյնքան իրաւամբ Ն. Դումանը պիտի համարուի ամենափայլուն ներկայացուցիչներէն մէկը, մեր ազատագրութեան մարտիկը: Եւ խղճի ու քաջութեան ներդաշնակութիւնը դարձաւ յենարան Զաւարեանի եւ Դումանի գաղափարական գործունէութեան: Անոնց գործունէութեան միջոցները տարբեր էին, բայց նպատակը` մէկ էր: Զաւարեանը վտարանդիի ցուպը ձեռքին՝ կը քարոզեր գաղափարը իր հոգիին ամբողջ թափով, մտաւոր ու գիտական պաշարով, իսկ Դումանը բռնութեան կապանքները կը ջախջախէր զէնքով ու կրակով եւ կը հարթեր ճանապարհը խղճի ու ազատագրութեան յաւիտենական յաղթանակի:
Հանգիստ ձեզ, նուիրական անուններ, որ այսքան անձնուիրութեամբ եւ քաջութեամբ ձեր սիրած տարաբախտ ժողովուրդի արդար դատը պաշտպանեցիք: Դուք հանգիստ ու խաղաղ կը ննջէք, եթէ համոզուէիք րոպէ մը, որ նոր սերունդը կանգ առնելու չէ ոչ մէկ դժուարութեան առջեւ, մինչեւ չ՛իրականանայ Մեծ Գաղափարը, որուն համար զոհաբերուեցաք»: