Ժան Էքեան Փարիզէն կը գրէ, թէ Շաբաթ, 22 Մայիսին կատարուեցաւ քօղազերծումը Շարլ Ազնաւուրի կիսանդրիին, որ կը գտնուի Փարիզի Օտէոն խաչմերուկին վրայ։ Բացումը կատարեց քաղաքապետ Անն Հիտալկօ. ներկայ էին Ազնաւուրի ընտանիքի անդամները, Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Դոլմաջեան, քաղաքապետարանի կցորդներ եւ շրջանի ընտրեալ ներկայացուցիչներ։
Նշենք, որ կիսանդրին գործն է արուեստագիտուհի Ալիս Մելիքեանի. ան զայն 1964ին քանդակած եւ նուիրած էր Ազնաւուրին, անոր՝ Հայաստան առաջին այցելութեան։

