ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը ցաւակցագիր յղեց Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժայի սահմանային հատուածին մէջ հակառակորդին արձակած կրակոցներէն ետք սկսած փոխհրաձգութեան իբրեւ արդիւնք մահացած Գէորգ Եուրայի Խուրշուդեանի հօր՝ ՀՅԴ Արարատի «Սմբատ Թաթոսեան» կոմիտէութեան վաստակաշատ անդամ Եուրա Խուրշուդեանին, որ երկու մանուկներու հայր է:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց նահատակի ընտանիքին, հարազատներուն, անոր ծառայակից ընկերներուն եւ ամբողջ հայ ժողովուրդին` ցաւալի կորուստին համար։