
ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Կ՛ըսեն, թէ սորվելու մայրը կրկնութիւնն է: Անհատներու պարագային, այս հաստատումը ընդհանրապէս ճիշդ է, բայց եզրակացութիւնը կը տարբերի, երբ զայն փորձարկենք ամբողջ ժողովուրդի մը վրայ:
Արդարեւ, հաւաքական ուժը փրկութեան հաւասարեցնող Չարեցնի եւ անկէ առաջ ու ետք միասնականութեան ուժին կենսական կարեւորութիւնը քարոզող բազմաթիւ ուրիշներու պնդումները եւ նոյնիսկ 1918ի Մայիսի վերջին շաբթուան ընթացքին, Ցեղասպանութեան զոհերը սգալու առիթն իսկ չունեցած՝ հայ ժողովուրդի միակամ ջանքերով կերտուած աներեւակայելի յաղթանակները բաւարար չեն եղած հայութեան մէջ արմատաւորելու այդ հաւատքը:
Ճիշդ է, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութիւնը հայութեան վրայ որոշ չափով պարտադրուեցաւ, երբ մինչ այդ գոյութիւն ունեցող Անդրկովկասի եռագլուխ իշխող մարմինին երկու գլուխները՝ Վրաստան եւ նորաստեղծ Ատրպէյճան անկախութիւն հռչակեցին, սակայն պէտք է արձանագրել, որ անկախութեան հիմը հանդիսացած տարածքը գոյութիւն պիտի չունենար, եթէ համեմատաբար տարրական եւ սակաւաթիւ զէնքերով օժտուած հայկական բանակն ու անոր թիկունք կանգնած կամաւորները չկասեցնէին թրքական յառաջխաղացքը, սեպ մը խրելով համաթուրանականութեան երազին իրականացման ճամբուն վրայ:
Հարիւր տարի ետք կրկնուող պատմութիւնը մեզի դարձեալ դրած է նոյն դերակատարներուն դէմ յանդիման: Պատմական Հայաստանի մեծ մասը խլած թուրքը դարձեալ մեր դարպասները կը թակէ, մինչ մեզի դաշնակից նկատուող Ռուսիան, բնականաբար իր շահերը հայութեան շահերէն վեր դասելով՝ դարձեալ կռնակ դարձուցած է մեզի, նախընտրելով «դիւանագիտութիւն» խաղալ, հակառակ իր ռազմատենչ անցեալին եւ ներկային: Արեւմուտքը ցարդ կը բաւարարուի յայտարարութիւններ կատարելով:
Այս բոլորը դարձեալ մեզ կը դնեն միայն մեր սեփական ուժերուն վստահելու պարտադրանքին տակ եւ կը մղեն մեզ համոզուելու, որ այդ ուժը առաւելագոյնին կրնայ հասնիլ միայն ամբողջական միասնականութեան շնորհիւ: Մեր նորագոյն վէրքէն ծորացող արեան հոտը առած գիշատիչը միշտ պատրաստ է նոր որսեր խլելու, եթէ իր դէմ չգտնէ միակամ եւ վճռական ճակատ մը: