ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Խորհրդային իշխանութիւնը ի զուր փորձեց իւրացնել Մ. Նալպանտեանի գործը, որովհետեւ Նալպանտեան, յառաջադէմ գաղափարներով տոգորուած գրած էր՝ «Երկրագործութիւնը Որպէս Ուղիղ Ճանապարհ»ը, ու կը քարոզէր հաւաքական աշխատանք: Նշեալ երգը Նալպանտեան տպագրեց 1862ին, արտասահմանի ազատ պայմաններու մէջ, երբ այցելեց Կ. Պոլիս, Փարիզ, Լոնտոն, եւ Հնդկաստան: Լոնտոնի մէջ ան յարաբերութիւններ հաստատեց ռուս տարագիր յեղափոխականներու հետ:
Նոր Նախիջեւանի գաղութին համար, հնդկահայերուն կողմէ եղած կտակի գործով մըն էր, որ Նալպանտեան արտասահման գտնուած էր 1860ի Յունիսէն մինչեւ 1862ի Մայիսը: Հազիւ իր առաքելութիւնը աւարտած՝ նոր Նախիջեւան կը հասներ, ուր ձերբակալուեցաւ ռուս ոստիկանութեան կողմէ: Փեթերսպուրկի մէջ բանտարկուեցաւ եւ դատուեցաւ: Ռուս յեղափոխականներէն Բակունինի գրած նամակը առիթ տուած էր ձերբակալութեան։ Նալպանտեանի մօտ գտնուած էր նաեւ Կ. Պոլսոյ «Մեղու» թերթի խմբագիր Յարութիւն Սվաճեանի նամակը, ծածկագիր բառացուցակով միասին:
1862 Յուլիս 14էն մինչեւ 1865 Մայիս 14 Փեթերսպուրկի մէջ բանտարկուելէն ետք, Մ. Նալպանտեան կ՛աքսորուի Սիպիր եւ կը մնայ ոստիկանութեան խիստ հսկողութեան տակ:
Նալպանտեանի առողջութիւնը խանգարուած էր արդէն: Ան կը մահանայ թոքախտէ 1866 Մարտ 31ին: Կը թոյլատրուի, որ անոր մարմինը փոխադրուի իր ծննդավայրը՝ Նախիջեւան։
Այդ առիթով , ռուս ոստիկանութիւնը կը տեղեկագրէ․ «Նախիջեւանում դագաղը դիմաւորել են արտասովոր յաղթահանդէսով ու յարգանքով, սուրբերի պատկերներով, խաչվառներով, երաժշտութեամբ՝ քաղաքի համարեա թէ ամբողջ բնակչութեան մասնակցութեամբ: Ապա դիակը փոխադրուած է Հայոց Ս. Խաչ վանքը՝ քաղաքից հինգ վերստ հեռաւորութեան վրայ, եւ այնտեղ թաղուած, թէեւ այդ վանքում ոչ ոքի չէն թաղում: Վանքի վարդապետը դամբանական ճառում հանգուցեալին անուանել է անմեղ նահատակ: Նախիջեւանի նախկին քաղաքագլուխ ծերունի Խալիբովը (Յարութիւն Խալիբեան, Նալպանտեանի կատաղի հակառակորդը) գտնում է, որ նրա աճիւնին մատուցուած մեծարանքը ցոյց է կառավարութեան դէմ»:
Նալպանտեան նկատուեցաւ առաջին յեղափոխական հայ գործիչը, որ կը նահատակուէր ռուս բռնակալութեան կողմէ: Իր աքսորն ու մահը ունեցան խորհրդանշական բնոյթ:
Իբրեւ օրինակ յիշենք Թիֆլիսի նահանգապետի դիւանատան գաղտի բաժնին 1874 Մայիս 1ի թղթածրարէն հատուած մը, ուր կը խօսուի հայ ժողովուրդին մէջ տարածուած Նալպանտեանի լուսանկարներուն մասին․
«Փոխարքայի ականջն է հասել, որ վերջին ժամանակներս Երեւանում ստացւում են երիտասարդ հայերի անունով հայ գրող Նալպանտեանի լուսանկարները, որ յիսնական թուականներին իւր ազատամիտ հակապետական գրուածքների համար աքսորուած է եղել Սարատովի նահանգի Կամիշին քաղաքը, որտեղ եւ շատ ժամանակ չէ որ վախճանել է, որ այդ լուսանկարներն ամբողջովին գրոտած են դրուատական մակագրութիւններով Նալպանտեանի մասին, օրինակ՝ «հայրենիքի փրկիչ» եւայլն, եւ որ դրանք գտնուել են Էջմիածնի վանքի վարդապետների խցերում, իսկ Թիֆլիսում դրանք ձրի բաժանում են երիտասարդներին ու դպրոցներում շրջանաւարտ հայ աշակերտներին»:
Նալպանտեան Կ. Պոլիս այցելած ատեն մտերմութիւն հաստատած էր հայ ազգային գործիչներու, մասնաւորապէս «Մեղու»ի խմբագիր Յարութիւն Սվաճեանի հետ: Այս թերթը, Նալպանտեանի ձերբակալութեան մանրամասնութիւնները տալով (1862, Մեղու, թիւ 172, էջ 197-199) կը թուէ անոր արժանիքները եւ կ՛աւելցներ. «Ոչ ոք գիտէ Նալպանտեանի յանցանքը, բայց մենք կը կարծենք, թէ գիտենք անոր յանցանքը՝ չափազանց եւ երախտագին ազգասիրութիւնն ու ճշմատախօսութիւնն է. Եւ ասոր համար չենք կարծեր, որ արդարութիւնը զինք պատժապարտ վճռէ, բայց եթէ արդարութեան բացակայութեանը Նալպանտեան դատուի ու դատապարտուի, անոր անմեղ արիւնը ի վրէժ պիտի կոչէն ամեն ճշմարիտ եւ ազգասէր հայերը. Եւ այն ատեն բացարձակ ըսենք, Ռուսիոյ կառավարութիւնը անոր կորստեամբ մեծամեծ կորուստներ ալ պիտի ընէ»:
Յ. Սվաճեան մօտէն ծանօթ էր Նալպանտեանին եւ միասին տարին՝ արեւելահայ ու արեւմտահայ յառաջադէմ մտաւորականութիւնը կապելու աշխատանքը: Ռուս ոստիկանութիւնը, երբ ձերբակալեց Նալպանտեանը, անոր քով գտաւ Սվաճեանի նամակը ուր կը խօսուեր Տաւրոսի ըմբոստութեան մասին:
Մ. Նալպանտեան եղաւ առաջին հայ գործիչը, որ սերտ կապ ստեղծեց արեւելահայ եւ արեւմտահայ յառաջադէմ մտաւորականութեան միջեւ: Անոր այցելութիւնը կը զուգադիպեր Ազգային Սահմանադրութեան շարժումին՝ ընդդէմ պահպանողական ու կղերամիտ հոսանքին: Արեւմտահայ գրականութեան մէջ, այս թուականներուն է, որ Մ. Պէշիկթաշլեան կը գրեր իր հայրենասիրական տաղերը, իսկ Ծերենց՝ իր ազգային վէպերը, ոգեկոչելով Կիլիկիոյ անկախութիւնը:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Մ. Նալպանտեանի նուիրուած ուսումնասիրութիւններ հրատարակուեցան, իսկ 1940-1949, չորս հատորներով լոյս տեսաւ անոր «Երկերի Լիակատար Ժողովածու»ն, որ, բոլորովին սպառեցաւ։ 1953ին տպագրուեցաւ 683 էջնոց գիրք մը՝ «Ընտիր Երկեր» խորագրով:
Մ. Նալպանտեան մահացաւ աքսորի մէջ, եւ ինչպէս ռուս գաղտնի ոստիկանութեան տեղեկագիրը կ՛ըսէ, աւելի մեծ ժողովրդականութիւն շահեցաւ մահէն ետք: Սերունդներ երգեցին անոր «Մեր Հայրենիք»ը եւ խանդավառութեամբ արտասանեցին «Ազատութիւն» քերթուածը, որուն ոգին կու գար հայոց դարաւոր պատմութենէն
Մեր Հայրենիք
Մեր Հայրենիք, թշուառ, անտէր մեր թշնամուց ոտնակոխ
Իւր որդիքը արդ կանչում է հանել իւր վրէժ, քէն ու ոխ:
Մեր հայրենիք շղթաներով այսքան տարի կապկապած,
Իւր քաջ որդւոց սուրբ արիւնով պիտի լինի ազատուած
Ահա՛, եղբայր, քեզ մի դրօշ, որ իմ ձեռքով գործեցի,
Գիշերները ես քուն չեղայ, Արտասուքով լուացի:
Ամենայն տեղ մահը մի է, մարդ մի անգամ պիտ մեռնէ
Բայց երանի՛, որ իւր ազգին ազատութեան կը մեռնէ: