
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ կառավարական յարաբերութիւններու համակարգողներ նշանակած է Ռուբէն Կարապետեանը եւ Եդուարդ Պարսումեանը:
Անոնց գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ իրականացնել կազմակերպութեան օրէնսդրական ռազմավարութիւնը եւ սերտացնել նահանգային օրէնսդիրներուն եւ այլ պաշտօնատարներու հետ յարաբերութիւնները, նպաստելու համար ամերիկահայութեան քաղաքական առաջնահերթ նպատակները իրականացնելու եւ շահերը պաշտպանելու ջանքերուն:
«Ուրախութեամբ կը դիմաւորենք Ռուբէն Կարապետեանը եւ Եդուարդ Պարսումեանը, որոնք պիտի հարստացնեն կառավարական յարաբերութիւնները սերտացնելու աշխատանքը տանող մեր խմբակը եւ վստահաբար նոր որակ պիտի տան Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան իրաւունքները ջատագովելու մեր ջանքերուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:
Նշենք որ Ռուբէն Կարապետեան քաղաքական գիտութեան ճիւղին մէջ Պսակաւոր արուեստից վկայական ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղէն, իսկ Եդուարդ Պարսումեան Լա Վըրնի համալսարանին մէջ մասնագիտացած է միջազգային ուսմանց եւ քրէագիտութեան ճիւղերուն մէջ: