ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն` ձեռամբ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանին եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեանին:
Դպրաց աստիճան ստացան հետեւեալ դպրեվանեցիները.- Յակոբ Ճուլֆայեան, Յակոբ Սրապոնեան, Նշան Ասդրեան, Յովսէփ Գալայճեան, Վարդան Թովմասեան, Սարգիս Նահապետեան, Զոհրապ Պչաքճեան, Յովհաննէս Սաղըրեան, Ճորճ Սաղըրեան եւ Քրիստ Փոստաճեան: Կիսասարկաւագաց աստիճան ստացան-. Յակոբ Ճուլֆայեան, Երուանդ Պիթարեան, Վարդան Ասայեան, Գէորգ Եագուպեան, Երուանդ Սուրէն Եղիայեան, Ներսէս Իսահակեան, Գէրոգ Կրպոյեան եւ Վահէ Ֆիլիքեան:
Ձեռնադրութեան աւարտին, ձեռնադրիչ սրբազանը յորդորելով ընծայեալները` ըսաւ, որ գիտակից եւ լուրջ պատասխանատուութիւն պահանջող աստիճանները ստանալէ ետք, հարկ է յանձնառութեամբ մօտենալ այս կոչումին: Ան նշեց, որ կարեւոր եւ ճակատագրական պայման մը կը ճշդուի ծառայութեան ճամբուն վրայ, որն է Աստուծոյ խօսքը մտիկ ընելը, եւ յիշեցուց, որ պայմանը քանիցս շեշտուած է Քրիստոսի կողմէ` մտիկ ընել Աստուածային իմաստութեան եւ ոչ` աշխարհի: «Աստուծմէ եկող մարդակերտ եւ փրկարար հրահանգներուն պէտք է մտիկ ընէք եւ զանոնք կատարէք եւ ոչ թէ աշխարհէն արձագանգող մարդակործան ձայնին ականջ տաք եւ ձեր կիրքերը, ցանկութիւնները, ձեր եսը հետապնդող մղումներու հնազանդիք», ընդգծեց Սրբազան Մակար: Ան նաեւ յայտնեց, որ Տիրոջմէ տրուած շնորհքը Քրիստոսի պարգեւած փրկութիւնն է եւ եզրափակեց աղօթքելով, որ Ս. Հոգիին պտուղներով ծանռաբեռնուի նորընծաներուն ծառայութեան ծառը: Այս առիթով, ձեռնադրիչ սրբազան հայրը շնորհաւորեց իր որդիական երախտագիտութիւնն ու շնորհաւորանքը յայտնեք Վեհափառ Հայրեպետը, Դպրեվանքի տեսչութեան ու մեծ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ ձեռնադրեալներու ծնողներուն:
Ապա, Ս. Սեղանին սպասարկութիւնը կատարեցին նորընծայ դպիրներն ու կիսասարկաւագները:
Պատարագի աւարտին, առաջնորդութեամբ ձեռնադրիչ սրբազան հօր, Դպրեվանքի Տեսչութիւնն ու նոր ձեռնադրուած դպիրներն ու կիսասարկաւագները ստացան կաթողիկոսին օրհնութիւնը: