ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Նկատի ունենալով, որ Արամ Ա. նախաձեռնողն է 1 Յուլիսին, Վատիկանի մէջ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն Ֆրանսիս pապին հետ տեղի ունենալիք հանդիպումին` անցնող օրերու ընթացքին վեհափառին այցելեցին, ինչպէս նաեւ հեռաձայնով կապեր հաստատեցին Լիբանանի քաղաքական, կրօնական ու ակադեմական դէմքեր, Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպանը, քաղաքացիական հասարակութեան եւ մամուլի ներկայացուցիչներ: Անոնք ուզեցին իմանալ Վատիկանի հանդիպումին գծով վեհափառին պատկերացումները:
Կաթողիկոսը առաջին հերթին կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը Վատիկան կ՛երթան խօսելու համար Լիբանանի ժողովուրդին անունով՝ առանց համայնքային խտրութեան, որովհետեւ տառապողը ամբողջ ժողովուրդն է: Երկրորդ, քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը պարտաւորութիւնը ունին խօսելու իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած ժողովուրդին անունով, որովհետեւ եկեղեցին իր էութեամբ Աստուծոյ ժողովուրդն է, եւ, հետեւաբար, եկեղեցին չի կրնար անտարբեր մնալ ժողովուրդի տագնապներուն նկատմամբ: Երրորդ, Լիբանանը անմիջական կարիքը ունի նոր կառավարութեան, որուն անդամներուն թիւը, բնոյթը, քաղաքական ու համայնքային մասնակցութիւնը հոգեւոր պետերուն հարցը չէ: Անոնց պահանջը յստակ է. շուտով կազմել կառավարութիւն մը, որ կարենայ ժողովուրդին կեանքը բարելաւել, տնտեսութիւնը կազմակերպել, արտագաղթին առաջքը առնել ու երկրին մէջ ապահովութիւն հաստատել: Այս հարցերուն գծով, քրիստոնեայ թէ իսլամ հոգեւոր պետերու միջեւ տարբեր տեսակէտներ գոյութիւն չունին:
Յայտնենք, որ Վատիկանի պատասխանատուները աշխոյժ կերպով կը պատրաստեն յիշեալ հանդիպումը՝ իր ներքին թէ հրապարակային երեսներով: