ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոլանտայի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ, 16 Յունիսին տեղի ունեցած ծաւալուն քննարկումներուն հիման վրայ, 17 Յունիսին, խորհրդարանի լիագումար նիստը, ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ (147 կողմ, 3 դէմ) ընդունեց բանաձեւ մը՝ Պաքուէն պահանջելով հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիներու անյապաղ ազատ արձակումը:
Բանաձեւին մէջ խորհրդարանը կոչ կ՛ընէ կառավարութեան, որ Եւրոպական խորհուրդին միջոցաւ ճնշում բանեցնէ Ատրպէյճանի վրայ՝ «բոլոր հայ գերիներուն եւ ձերբակալուած անձերուն անմիջապէս հայրենիք վերադարձը ապահովելու համար»: