ՊԱՔՈՒ, «Թրենտ».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապուլլայեւա միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղեց աջակցելու Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ կնքուած եռակողմ յայտարարութեան իրականացման:
Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակեց՝ պատասխանելով Շուշիի հռչակագիրին մասին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան՝ նշելով. «Հայաստան, որ յղում կը կատարէ միջազգային օրէնքին, նախ եւ առաջ ինք պէտք է սորվի անոր նկատմամբ յարգալից վերաբերիլ… Շուշիի հռչակագիրին վերաբերեալ Երեւանի յայտարարութիւնը կեղծաւորութեան վերջին փուլն է»:
Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի նաեւ հետեւեալը. «Տարածքներու ազատագրումէն ետք շրջանին մէջ ստեղծուած է նոր իրավիճակ, եւ շրջանային համագործակցութեան բացառիկ կարելիութիւններ յայտնուած են: Գիտակցելով այս իրավիճակին՝ Հայաստան պէտք է ընտրէ՝ օգտագործե՞լ համագործակցութեան այս ձեւաչափը, թէ ոչ»: