ԱՆԹԻԼԻԱՍ,- Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ հինգ նորագիր ուխտեալներ արժանացան կուսակրօն քահանայութեան կարգին:
Կիրակի, 20 Յունիս 2021ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի թեմի առաջնորդ Մեսրոպ եպս. Սարգիսեանի ձեռամբ եւ Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանի խարտաւիլակութեամբ՝ կատարուեցաւ աբեղայական ձեռնադրութիւն եւ օծում:
Ընծայեալները՝ Ժան սրկ. Սէլլումեան, Կարապետ սրկ. Էօրտէքեան, Գէորգ սրկ. Թէնէքէճեան, Հենրիկ սրկ. Մալխասեան եւ Աբրահամ սրկ. Տէկիրմէնճեան, առաջնորդութեամբ խարտաւիլակ հայր սուրբին՝ ծնրադիր բարձրացան Ս. խորան, ուր կատարեցին աշխարհէն հրաժարելու եւ Քրիստոսի լուծը կրելու խոստումը: Ապա, խարտաւիլակ հայր սուրբը Միւռոնաթափ աղաւնին թափօրով բարձրացուց Ս. խորան եւ յանձնեց ձեռնադրիչ սրբազան հօր, որ սրբալոյս միւռոնով դրոշմեց ընծայեալներուն ճակատը եւ աջ ու ձախ ձեռքերը:
Ժան սարկաւագը վերանուանուեցաւ Տ. Եզեկիէլ քահանայ, Կարապետ սարկաւագը՝ Տ. Եսայի քահանայ, Գէորգ սարկաւագը՝ Տ. Եզրաս քահանայ, Հենրիկ սարկաւագը՝ Տ. Եղիա քահանայ եւ Աբրահամ սարկաւագը՝ Տ. Երեմիա քահանայ: Ապա, անոնք տուին իրենց անդրանիկ «խաղաղութիւն»ը Մայր Տաճարին մէջ հաւաքուած հաւատացեալներուն:
Հուսկ, ձեռնադրիչ սրբազանը փոխանցեց օրուան պատգամը: Լուսարձակի տակ առնելով հայ եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան վերջին երկու տասնամեակները, ան ընդգծեց մարդակերտման առաքելութեան ու հոգեւորականներու պատրաստութեան մղուած եկեղեցւոյ ուղին` նկատել տալով, որ իբրեւ ասոր արդիւնք, Մեծի Տանն Կիլկիոյ լաթողիկոսութեան միաբանութեան կը միանան նորընծայ հինգ կուսակրօն քահանաներ:
Սրբազանը խօսքը եզրփակեց իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտելով վեհափառ հայրապետին եւ շնորհաւորելով անոր գահակալութեան 25ամեակը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորելով զայն, Դպրեվանքի տեսչութիւնը, միաբանութիւնը, նորաօծներուն ընտանիքները եւ ընտանեկան պարագաները՝ նորաօծներուն ձեռնադրութեան եւ օծման առիթով:
Քարոզէն անմիջապէս ետք, «Ողջոյն»ի պահուն, հայրապետին գլխաւորութեամբ, ներկայ միաբանութիւնը խորան բարձրացաւ եւ համբոյրով ողջունեց նորաօծ քահանաներուն մուտքը Հայ եկեղեցւոյ ծառայական դաշտ ու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միաբանական ուխտ:
Յայտնենք, որ հինգ նորընծաներուն կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի թեմի ազգայիններէն Գրիգոր Մահսէրէճեան: Աւանդութեան համաձայն, կնքահայրը նորաօծներուն ճակատներու եւ ձեռքերու լուացումը կատարեց:
Վերջապէս, տեղի ունեցաւ կատարեալ հնազանդութեան, կամաւոր աղքատութեան եւ կրօնական ողջախոհութեան ուխտերու խորհրդանիշը հանդիսացող վեղարի օրհնութիւնը եւ կուսակրօնութեան իբրեւ նշան, միաբանական կնգուղը դրուեցաւ նորընծաներուն գլխուն:
Պատարագի աւարտին, առաջնորդութեամբ ձեռնադրիչ սրբազան հօր, նորընծաները բարձրացան վեհափառ հայրապետին մօտ եւ ստացան անոր օրհնութիւնը: Ապա, Ս. խորանին առջեւ, ներկայ հաւատացեալները մօտենալով նորընծաներուն՝ աջահամբոյրով ստացան անոնց անդրանիկ օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեցին զանոնք:
Ըստ աւանդութեան, յառաջիկայ 40 օրերու ընթացքին նորընծայ հայր սուրբերը պահեցողութեան, աղօթքի ու խոկումի պիտի նուիրուին՝ Տիրոջ օրինակով պատրաստուելու իրենց առաքելութեան: