ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ մէջ գտնուող պատմական հայկական բնակավայրերուն մէջ գանձ որոնող աւազակներ վնասած են Կեսարիոյ 18րդ դարի Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին, կ՛ահազանգէ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան:
Եկեղեցւոյ մէջ երկու մեթրնոց փոս յառաջանալու փաստին առիթով՝ Փայլան Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին հասցէագրուած հարցադրում մը ուղարկած է:
Հարցադրման մէջ Փայլան կը նշէ, որ հայկական պատմական եկեղեցին, որ այդ տարածաշրջանի պատմական եւ մշակութային կարեւոր կառոյցներէն մէկն է, տասնեակ տարիներու անուշադրութեան հետեւանքով մատնուած է բախտի քմահաճոյքին, իսկ այսօր դարձած է աւազակներու յարձակման թիրախ:
Փայլան նախարարին կը հարցուցնէ, թէ ինչո՛ւ եկեղեցին չ՛առնուիր պետութեան պաշտպանութեան տակ եւ ինչո՛ւ զայն վնասողներուն դէմ հետաքննութիւն չի կատարուիր: Պատգամաւորը նաեւ կը հետաքրքրուի, թէ ինչո՛ւ կառավարութիւնը անձայն կը մնայ քրիստոնեաներուն պատկանող մշակութային ժառանգութեան դէմ գանձ որոնողներու գործողութիւններուն դէմ եւ թէ ինչո՛ւ նման կառոյցեր չեն պաշտպանուիր:
Աւարտին, Փայլան կը հարցնէ, թէ արդեօք նախարարութիւնը կը պատրաստուի՞ վերանորոգելու Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին: