ՊԱՔՈՒ, «Հաքքին»․- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ՄԱԿի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի գերագոյն ներկայացուցիչ Միկել Անխել Մորաթինոսի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, թէ Արցախի Աղտամ (Ակնա) շրջանին մէջ 97,000 ականներ տեղադրուած եղած են:
«Յաջողեցանք Հայաստանէն ստանալ միայն Աղտամի շրջանի քարտէսը. միւս շրջաններուն մէջ հարիւր հազարաւոր ականներ կան, սակայն անոնք կը մերժեն մեզի քարտէսներ տրամադրել», ըստ ատրպէյճանական կայքի մը, ըսած է Ալիեւ` աւելցնելով, որ պատերազմին աւարտէն ետք ականներու պայթումի պատճառով 30 ատրպէյճանցիներ սպաննուած են, առաւել քան 100 ուրիշներ վիրաւորուած են:
Ըստ Ալիեւի՝ ներկայիս ականազերծման եւ վերականգնման աշխատանքներ տեղի կ՛ունենան Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ:
Նշենք, որ Ակնայի ականապատ քարտէսներուն դիմաց Ատրպէյճան ազատ արձակած էր 15 հայ գերիներ: