ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՓԱՐԻԶ, ԵԱՀԿ ԵՒ ՊՐԻՒՔՍԷԼ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԵՆ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Շաբաթ օր, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ, Հայաստան ատրպէյճանական կողմին յանձնեց Վարանդային եւ Կովսականի շրջաններուն շուրջ 92,000 ականներու քարտէսները:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ իբրեւ մարդասիրական քայլ` ատրպէյճանական կողմը Հայաստանին յանձնեց բանտարկութեան դատապարտուած 15 անձեր, բոլորը Շիրակի մարզէն. անոնք են՝ Յակոբեան Վոլոդիա Վաչագանի, Ասատրեան Գէորգ Նորայրի, Գասպարեան Գոռ Վահրամի, Ենգոյեան Սիսակ Գրիշայի, Կարապետեան Եուրի Տիգրանի, Մահտեսեան Էդգար Վաչագանի, Մինասեան Արամ Գառնիկի, Մինասեան Մկրտիչ Սիմոնի, Պետրոսեան Ալբերտ Կամոյի, Պօղոսեան Արմէն Եղիազարի, Սեդրակեան Ռոմիկ Միսակի, Սեֆիլեան Կամօ Կարէնի, Ասլանեան Եղիշ Յովհաննէսի, Գէորգեան Գրիգոր Գէորգիի եւ Մանուկեան Անդրանիկ Տիգրանի։
Արցախ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար Ռուսթամ Մուրատով հայ ռազմագերիները տեղափոխող օդանաւին էջքէն ետք հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսոի հետեւեալը. «Շարունակելով եռակողմ համաձայնագիրի կէտերու կատարումը ապահովելու աշխատանքները` այսօր, Պաքուի մէջ, անձամբ ես ատրպէյճանական կողմին յանձնեցի երկու շրջաններու ականապատ դաշտերու քարտէսները: Անոնք ականապատուած են հայկական ստորաբաժանումներու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած նախորդ զինեալ տագնապին ընթացքին: Ազտպէյճան իր կարգին ազատ արձակեց 15 հայ գերիներ, որոնք Երեւան հասցուեցան Ռուսիոյ օդուժի օդանաւով»:
Մուրատով աւելցուց, որ ռուսական կողմը հետագային ալ պիտի շարունակէ աշխատանքը եռակողմ յայտարարութեան կէտերուն կատարումը ապահովելու ուղղութեամբ:
Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ԵԱՀԿի նախագահ Անն Լինտէ եւ Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար ողջունեցին 15 հայ պատերազմական գերիներու վերադարձը Հայաստան եւ յայտնեցին, թէ յոյս ունին, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի հովանիին տակ տագնապիը արագ լուծում կը ստանայ: