ԱՆԹԻԼԻԱՍ.-Ուրբաթ, 16 Յունիսին, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանը: Հայաստան եւ Արցախ մեկնելէ առաջ, ան եկած էր հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու եւ թելադրութիւնները իմանալու: Վեհափառը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄի համահայկական կառոյցի աշխատանքներուն, որոնց նպատակը նպաստել է Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հզօրացման եւ մեր ազգի իտէալներու իրականացման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.