ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիա կը յուսայ Միացեալ Նահանգներու ներկայ վարչակազմի օրերուն հասնիլ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկիչ ճանչցուած կիւլենական շարժումի ղեկավար Ֆեթուլլահ Կիւլենի արտայանձնման: Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հասան Մուրաթ Մերքան:
«Մեր իրաւասու մարմինները սերտ կապի մէջ են ամերիկեան իշխանութիւններուն հետ, ուստի յոյսով եմ, որ անիկա (արտայանձնումը) օր մը պիտի իրականացուի», ըսաւ թուրք դիւանագէտը՝ աւելցնելոեվ. «Անգարա կ՛ուզէ հասնիլ Կիւլենի եւ անոր հետեւորդներու արտայանձնման եւ կը հաւատայ նման կարելիութեան»:
Ան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու ներկայ վարչակազմին օրով:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, շարք մը այլ ամբաստանութիւններու կողքին, Յուլիս 2016ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զինուորական յեղաշրջման փորձին համար կը մեղադրէ «Հիզմեթ» կրօնական շարժումի հիմնադիր եւ իր հակառակորդ Ֆեթուլլահ Կիւլենը, որ ներկայիս կը բնակի Միացեալ Նահանգներու մէջ: