ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն»․- Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ տեղի ունեցած եւ Թուրքիոյ նուիրուած հարցաքննութեան մը ընթացքին եւ իիբրեւ պատասխան յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզի հարցումներուն՝ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլընտ ընդունեց, որ Արցախի անցեալ տարուան ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին երրորդ կողմերու, ներառեալ՝ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը սրեց տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը՝ տեղեկացնելով, որ Ուաշինկթըն ճնշում գործադրած է Անգարայի վրայ՝ «կայունութեան սպառնացող տարածաշրջանային հակամարտութիւններուն ներգրաւուելուն համար»:
«Ճնշում գործադրած ենք Թուրքիոյ վրայ, նաեւ որպէսզի վերջինս ճնշում գործադրէ Պաքուի վրայ բոլոր ռազմագերիները անմիջապէս ազատ արձակելու հարցով եւ որպէսզի աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հրադադարին եւ հակամարտութեան կայուն, երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման աշխատանքներուն», յայտարարեց Նուլընտ։
Մենենտեզ նաեւ հարցուց, թէ Ուաշինկթըն ի՛նչ կ՛ընէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ յարձակումին ընթացքին եւ Անգարայի աջակցութեամբ իսլամ ծայրայեղական վարձկան զինեալներու մասնակցութեան գծով. Նուլընտ մերժեց պատասխանել, առաջարկելով «այլ պայմաններու մէջ» զայն դարձնել առանձին քննարկումի առարկայ:
Մենենտեզ պատասխան կը սպասէ նաեւ նշեալ պատերազմին ընթացքին գործածուած թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ ամերիկան արհեստագիտութեան օգտագործման վերաբերեալ։
«Թրամփի վարչակազմը որեւէ պատիժ չսահմանեց այս գործողութիւններուն համար, իսկ միջազգային հանրութիւնը որեւէ կտրուկ արձագանգի չարժանացուց զայն, չսահմանուեցան նաեւ պատժամիջոցներ: Այս անընդունելի է», եզրակացուց է Մենենտեզ:
Յանձնախումբի մէկ այլ անդամ, Քրիս Վան Հոլըն եւս Հայաստանի դէմ Թուրքիոյ գործողութիւնները որակեց «թշնամական»։
Ատրպէյճանի տրամադրուող աջակցութիւնը կասեցնելու նպատակով ձեր քոնկրեսականին դիմելու համար այցելել Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին anca.org/stop կայքէջը։