ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Կիրակի, 25 Յուլիսին, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ 1983ի Լիզպոնի գործողութեան ընթացքին նահատակուած հինգ հերոսներուն՝ Սեդրակ Աճէմեանի, Վաչէ Տաղըլեանի, Արա Գրճըլեանի, Սիմոն Եահնիեանի եւ Սարգիս Աբրահամեանի յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկ մը։
Ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Գարեգին Գարազեան, իսկ օրհնութեան աղօթքը կատարեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան։
Նշենք, որ նոյն օրը Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւններ կատարուեցան Լիզպոնի Հինգի հոգիներու խաղաղութեան համար։
Այնուհետեւ, Բալաբեկ Բարսամեան ներկայացուց Լիզպոնի Հինգին նուիրուած՝ Aharonian Media Productions-ի պատրաստած տեսանիւթը: Վիգէն Հարպոյեան փոխանցեց օրուան պատգամը, զոր կու տանք ստորեւ․
«27 Յուլիս, 1983․
«Յատկանշական թուական մը հայկական ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ, ուր հայ երիտասարդութիւնը եկաւ հաստատելու, թէ Հայ Դատի եւ հայկական պահանջատիրութեան գերագոյն նպատակներու իրականացման սնունդ տուող հայ ազատագրական պայքարի մարտիկները պատրաստ են ընելու գերագոյն զոհողութիւնը, նուիրելով իրենց ամէնէն թանկագինը ու այդպիսով հերոսանալու: Հերոսները էակներ են, որոնք կը ծնին մարդկային կերպարով, բայց կը մահանան գերմարդկային կամքով եւ գերմարդկային վճռակամութեամբ: Իրենց մահով անոնք ծնունդ կու տան հաւաքական կամքի կազմաւորումին եւ ամրապնդմանը:
«Լիզպոնի 5ը ծնունդ առին հայ ժողովուրդի տառապանքէն: Անոնք մարմնաւորուած էին հայ ժողովուրդի հայրենազուրկ ըլլալու, օտար ափերու վրայ ծնած ըլլալու եւ պարտադրաբար ապրելու, հայ ժողովուրդի իրաւազուրկ ըլլալու ամէնօրեայ բարկութիւնը: Սակայն անոնց նահատակութեամբ նոր ուղի մը բացուեցաւ հայ ազատագրական պայքարի ռազմադաշտին վրայ մարտնչող յեղափոխական շատ մը հայորդիներու համար, որոնք մեծ դասեր քաղեցին յանուն հայրենիքի։
«Այսօր կը մտածենք, թէ Լիզպոնի 5ի նահատակութիւնը, թէեւ մեզ կը համակէ տխրութեամբ, բայց Հայ Դատի հետապնդման ճամբուն վրայ, փայլուն յաղթանակ մը ըլլալով, կը տոգորէ հոգեկան բարձր վերելք: Այսօր մենք վերստին կ՛ուխտենք գործել, պայքարիլ, ու ապրիլ այնպէս, որ արժանի ըլլանք կրելու՝ անոնց ճամբան շարունակող յեղափոխականներու անունը: Յարգանք ձեր յիշատակին՝ կռուի ուխտաւորներ: Ձեր վերջին վայրկեաններուն իսկ պայքարի, դիմադրութեան, զէնքի ու վառօդի կողքին մնացիք:
«Յանուն հայրենիքի կեանքը գիտակցաբար զոհած երիտասարդներու կատարած գործողութիւնը ցնցեց աշխարհը: Անիկա չտեսնուած արարք է ազգային ազատագրական պայքարի շարժումներու պատմութեան մէջ, որ ապագային դարձաւ խորհրդանիշ հայ երիտասարդներէն շատերուն համար: Չմոռնանք նաեւ թէ Արցախեան ազատամարտի տարիներուն նաեւ, բազմաթիւ հայորդիներու համար, Լիզպոնի մէջ զոհուած 5 յեղափոխականներու օրինակն էր առաջնորդողը:
«Անոնց զոհաբերութեան երգերն էին, որ կը հնչէին հայ ազատամարտիկներու շրթներէն:
«Լիզպոնի 5 երիտասարդներու հերոսապատումը, նուիրումի անկրկնելի օրինակ դարձաւ եւ պիտի դառնայ բոլոր ժամանակներուն համար: Հինգ տղաներէն մէկուն՝ Վաչէին հայրը հետագային կ՛ըսեր. «Վաչէն եւ իր ընկերները օրինակ պէտք է ըլլան նոր սերունդին. այս անձնազոհ տղաներու նկարները ամէն հայու սիրտին մէջ պէտք է փորագրուին եւ անոնց ճամբան շարունակուի առանց յուսահատութեան»:
«Այսօր, մենք պարտաւոր ենք ոչ միայն յիշելու հինգ յեղափոխական հայորդիները, այլեւ արժանիօրէն գնահատել անոնց անձնազոհութիւնը:
«Ժամանակին, հայ մտաւորականներէն Յովհաննէս Շիրազն էր, որ համարձակութիւն ունեցաւ բանաստեղծութիւն ձօնելու 5 նահատակներուն: 38 տարիներ առաջ խորհրդային հասարակարգի պայմաններուն մէջ անկարելի էր այդ բանաստեղծութիւնը բարձրաձայն հնչեցնել, ուստի ժողովուրդը ձեռքէ ձեռք զայն կը փոխանցեր՝ իբրեւ յիշեցում եւ գնահատանք.
«Յիշէք Հայեր բալիկներուդ
Դեր ծիլ ընկած կալիքներուդ
Որ քեզ համար պիտի տային
Բայց կէս ճամբին ընկան կիսատ
Դեր չտեսած հողն Արարատ
Յիշէք Հայեր ընկողներին
Որ չհասած մեր հողերին
Ընկան հինգն էլ ի սէր Հայոց
Մեր հինգ միլիոն զոհուած որդոց
Որ Տէր Զորում ընկած են դեր
Հայ Վրէժի յոյսով անմեռ»: