ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը 22 Յուլիսին հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք Ատրպէյճան կը շարունակէ սպառնալիքներ հնչեցնել եւ պահանջներ ներկայացնել Երեւանի, Սեւանայ լիճի եւ յատկապէս Սիւնիքի գծով:
«Առանց Սիւնիքի, առանց Հայաստանի աշխարհագրական այս ողնաշարին մեր պետականութիւնը ամբողջական փլուզումի ենթակայ է:
«Սիւնիքի հայութեան դիմադրողական ոգիի հզօրացումը, փանթուրանական ծրագիրները ձախողեցնելը եւ Հայաստանի իշխանութիւններու պարտուողական քաղաքականութեան դէմ պայքարը ամբողջ հայ երիտասարդութեան, բայց ի մասնաւորի՝ Սիւնիքի հայ երիտասարդութեան, պարտականութիւնն է:
«Մեր ազգային գոյամարտի այս հանգրուանին, աշխարհասփիւռ ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւնները զօրաշարժի կ՛ենթարկեն իրենց բոլոր ուժերը, կը մտնեն պայքարի դաշտ ու կը մեկնարկեն «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրը, որ կը նախատեսէ.
«– Ներքաղաքական եւ միջազգային երիտասարդական հարթակներու վրայ քաղաքական, արտաքին յարաբերական եւ քարոզչական աշխատանքի ծաւալում։
«– Ամրապնդելու համար ազգային ոգին, պատանեկան ճամբարներու կազմակերպում։
«– Սիւնիքի երիտասարդութեան խնդիրներու լուծման նուիրուած ուսումնասիրութիւններու պատրաստութիւն եւ խորհրդաժողովի կազմակերպում։
«– Սիւնիքի մէջ երիտասարդական կեդրոններու հաստատում։
«– Երիտասարդութեան մասնագիտական կարողութիւններու եւ հմտութիւններու զարգացման միտող «Վերելք Ծրագիր»ի իրագործում։
«– Սփիւռքի երիտասարդներու յատուկ գործուղումներ։
«Կոչ կ՛ուղղենք յանձնառու երիտասարդութեան՝ մասնակից դառնալու մեր աշխատանքներուն եւ իր ուժերը ուղղելու «Դէպի Սիւնիք»: