ԵՐԵՒԱՆ.- «Ինթերֆաքս» լրատու գործակալութեան կը տեղեկացնէ, թէ 27 Յուլիսին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերգէյ Շոյկուի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Արշակ Կարապետեանի հանդիպումը:
Աղբիւրը յաւելեալ մանրամասնութիւններ չի հաղորդեր։
Ըստ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ վարչութեան՝ զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: