ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Արցախի Մաճկալաշէն գիւղի բնակիչը 26 Յուլիսին գերի տարուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ, ընդամէնը 4-5 ժամ մնաց հոն ու վերադարձուեցաւ՝ ոսկորներու կոտրուածքներով, նուաստացած, պատառոտուած հագուստով ու հոգեկան անհաւասարակշիռ վիճակի մէջ:
Ըստ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի՝ 32ամեայ Արտակը այժմ գիւղի իր տունն է: «Ծեծել են, իմ կարծիքով, որոշակի տեղեկութիւն են ցանկացել հասկանալ իրենից: Բայց ինքը չի խօսել, որովհետեւ որոշակի հոգեկան խնդիրներ էլ ունի: Նրանք էլ մտածել են, որ թաքցնում է, չի խօսում, դրա համար աւելի են ծեծել»:
Արտակի հայրը` Ռաշիդ Մանասեան կը պատմէ, որ որդին իրենց եօթը կովերը արօտավայր տարած է եւ ակամայ, անասուններուն ետեւէն երթալով՝ հասած այս պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ անցած տարածքը: «Կովերի յետեւից գնացել ա հասել իրենց պոստը, մի երկու հոգի եղել են, շւուացրել են, մի քանի հոգի էլ են եկել, փորձ են արել: Դէ ինքն էլ անծանօթ մարդու մօտ չի խօսում, իմացել են, թէ գաղտնիք ա պահում, ծեծել են», կը պատմէ Արտակի հայրը:
Ան կ՛ըսէ, որ որդին այժմ կ՛ապաքինի, վնասուածքները շատ են: Ատրպէյճանցի զինուորները զայն պարկի մէջ դրած են, ծեծած` ուզելով տեղեկութիւն կորզել, բայց Արտակը ո՛չ անոնց լեզուն հասկցած է, ոչ ալ կրցած է իր գիտցած հայերէնով բան մը բացատրել. ան հաշմանդամութիւն ունի:
«Գլխի, թեւերի, դէմքի, ականջի մօտի կապտուկները կամաց-կամաց անցնում ա, բայց ոտքի ծնկի խնձորակը ջարդուած ա, գիսպի մէջ ա: Թէ երբ կը լաւանայ, հըլը չենք իմանում», յայտնեց Արտակի հայրը:
Ռուս խաղաղապահներուն միջնորդութեամբ Արտակը փոխանցուած էր հայկական կողմին: 27 Յուլիսին խաղաղապահները, ըստ Մաճկալաշէնի գիւղապետ Լեռնիկ Աւանեսեանի, այցելած են անոր: «Իրանք էլ են նկարահանել, յատկապէս էդ վնասուած տեղերն են նկարահանել», ըսաւ ան:
Հինգ օր առաջ, Ասկերանի շրջանի Այգեստան գիւղի բնակիչներէն մէկը մոլորած եւ դարձեալ յայտնուած էր ատրպէյճանական զինուժին ձեռքը: Ան նոյնպէս վերադարձուած էր ռուսներուն միջնորդութեամբ:
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կը շեշտէ, որ պատերազմէն ետք նոր սահմանները չեն գծուած, խրամատներ չեն փորուած, չերեւացող այդ սահմանը հսկող զինուորներ չկան, եւ եթէ իրազեկման աշխատանք չկատարուի, այսպիսի դէպքեր պիտի կրկնուին: «Պէտք է աշխատանք տարուի համայնքների ղեկավարների կողմից, նաեւ պաշտպանութեան բանակի ներկայացուցիչների մասնակցութեամբ, որպէսզի համայնքի բնակիչները յստակ իմանան, թէ որտեղ է աւարտւում հայկական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքը, որպէսզի յետագայում նման դէպքեր չլինեն», կ՛ըսէ Գեղամ Ստեփանեան:
Մոլորուած, հաշմանդամութիւն ունեցող անձը խոշտանգելու փաստը, ըստ Ստեփանեանի, յաւելեալ ապացոյց է, որ 30 տարի հայատեացութեամբ սնուող ատրպէյճանցին չի կրնար ապրիլ հայու կողքին՝ խաղաղ գոյակցութեամբ:
Ասիկա, ըստ Ստեփանեանի, ազդակ պէտք է դառնայ միջազգային կառոյցներուն, եւ այս հակամարտութեան կարգաւորմամբ զբաղողներուն համար: «Ամենակարճաժամկէտ հեռանկարում որեւէ խաղաղ գոյակցութեան մասին խօսք լինել չի կարող», կը հաստատէ Ստեփանեան:
Այս միջադէպին առնչութեամբ Գեղամ Ստեփանեան դիմեց մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող միջազգային կառոյցներուն, սակայն ան կը շեշտէ, որ այդ կառոյցերը կրաւորական կեցուածք ունին:
Պատերազմական յանցագործութիւններու հեղինակ Ատրպէյճան կը շարունակէ մնալ անպատիժ` 9 ամիս շարունակ չվերադարձնելով գերիները, նաեւ տեղեկութիւն չտալով գերի տարուած այլ հայերու մասին: «Նրանց կրաւորական կեցուածքը ուղղակի պարտութեան է մատնում մարդու իրաւունքների եւ ազատութիւնների պաշտպանութիւնը բռնապետութեան յարձակողականութեան, կ՛ըսէ Ստեփանեան՝ աւելցնելով, որ միջազգային կառոյցներէն յաճախ կ՛արձագանգեն, թէ կ՛ուզէին գալ, տեղւոյն վրայ ծանօթանալ իրավիճակին, բայց Ատրպէյճան համաձայն չէ: Ան հարց կու տայ, թէ «ի՛նչ կապ ունի մարդու իրաւունքը տարածքի իրաւական կարգավիճակի հետ»: