
ԱՐՄԷՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՍՏԱՆՁՆԵՑ ԳԱՆՁԱՊԱՀԻ ՊԱՇՏՕՆԸ
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի երկարամեայ անդամ եւ բազմավաստակ ատենապետուհի Լիզա Կապուտեան մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ Կիրակի, 6 Յունիս 2021ին:
Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի աշխատանքները հեզասահ պահելու անհրաժեշտութենէն մղուած՝ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի եւ Ազգային վարչութեան տնօրինումով, մարմինի ատենապետ նշանակուեցաւ իրաւաբան Սարգիս ՈւրՖալեան:
ՈւրՖալեան իրաւաբանական ոլորտին մէջ ցարդ կուտակած 35 տարիներու փորձառութեան կողքին, մեծ վաստակ ունի նաեւ Ազգային վարժարաններու ծառայական դաշտին մէջ: Ան վարած է Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգային մանկամսուրի Ուսումնական մարմինի ատենապետի պաշտօնը եւ եղած է անդամ Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի Ուսումնական մարմինին: Վերջին տասը տարիներուն, ան նաեւ մաս կազմած է Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին՝ իբրեւ անդամ, ապա ստանձնած է գանձապահի պաշտօնը:
«Լիզա Կապուտեան Խնամակալ մարմինի ատենապետուհիի իր օրինակելի ղեկավարութեամբ եւ վաստակով մեծ դեր ունեցած է Ազգային վարժարաններու վերելքին ու աւելի եւս բարգաւաճման ընթացքին մէջ: Անոր անխոնջ եւ նուիրեալ ծառայութիւնը, մեր վարժարաններու առաքելութեան նկատմամբ հաւատքն ու անխախտ յոյսը, հայերէնախօսութեան համար մշակած ծրագիրները եւ հետեւողական ծառայութիւնը ընդմիշտ պիտի մնան յիշատակելի ու յառաջատար օրինակ բոլորիս համար», նշեց ՈւրՖալեան՝ աւելցնելով, որ Խնամակալ մարմինը Ազգային վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, վարիչներուն, Ուսումնական մարմիններուն եւ ծնողներուն հետ միասնական աշխատանքով պիտի շարունակէ Լիզային գործը՝ մեր վարժարանները առաջնորդելով դէպի նոր իրագործումներ:
Աւելցնենք, որ Խնամակալ մարմինի անդամներէն Արմէն Աբրահամեանին վստահուեցաւ մարմինին գանձապահի պաշտօնը: Աբրահամեան առաւել քան 30 տարիներու ծառայական վաստակ եւ փորձառութիւն ունի տնօրինութեան մարզին մէջ. ան վարած է Վ. եւ Ա. Շամլեան Ազգային վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետի պաշտօնը եւ մինչ օրս իր անսակարկ ծառայութիւնը կը բերէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ՀՄԸՄի զանազան աշխատանքներուն:
Խնամակալ մարմինը կը նշանակուի Ազգային վարչութեան կողմէ: Ազգային վարժարանները եւ մանկամսուրները՝ իբրեւ կրթական առանձին համակարգ ու մէկ ամբողջութիւն ղեկավարող գլխաւոր մարմինն է անիկա, որ կը գործէ առաջնորդին եւ Ազգային վարչութեան հովանիին տակ: Մարմինին նպատակն է՝ մշակել եւ գործադրել անհրաժեշտ ծրագիրներ ի նպաստ հայ մատղաշ սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան, բարոյական արժէքներու ուսուցման, ինչպէս նաեւ ազգային ոգիով թրծուած ապագայ հայորդիներու պատրաստութեան համար:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ